ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՄԵԾ ՀԱՒԱՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ քահանայից տարեկան հերթական հաւաքը՝ բարձր նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։ Այս տարուան հաւաքը զուգադիպեցաւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանի տօնակատարութիւններու նախօրեակին։

Հաւաքին ներկայ գտնուեցան թեմակալ առաջնորդներ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ եւ 182 քահանաներ։ Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ եկեղեցականաց դասը նախ Մայր Տաճարի մէջ մասնակցեցաւ ժամերգութեան։ Ապա, Մայր Տաճարի շրջափակէն ներս, երանաշնորհ Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոսի շիրմին առջեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ։

Աւելի վերջ, Սուրբ Էջմիածնի «Հրաչ եւ Սիւզան Թուֆաեան» հայորդեաց տան երդիքին տակ սկսաւ քահանայից հաւաքը։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեան, որ գլխաւորած էր հաւաքի կարգադիր յանձնախումբը։

Հաւաքի ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան, Տաւուշի թեմակալ առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան, դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։ Զեկոյցներուն շուրջ ծաւալուեցան քննարկումներ, եկեղեցականները ներկայացուցին իրենց դիտարկումներն ու առաջարկները։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը արտասանեց քահանայից հաւաքի մասնակիցներուն ուղղեալ օրհնութեան խօսք մը։

Քահանայից հաւաքի աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, որու մէջ յորդոր ուղղուած է՝ որպէսզի անխախտ ու անսասան պահպանուի համազգային միասնականութիւնը։

Հաւաքի մասնակիցները ժողովներու աւարտին մասնակցեցան երեկոյեան ժամերգութեան։ 

Շաբաթ, Մայիս 26, 2018