ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՇՆՈՐՀՈՒՄ
Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ վարդապետական գաւազան եւ յատուկ իշխանութիւն յանձնուեցաւ Տ. Զատիկ Աբեղայ Պապիկեանի։ Այս առթիւ տեղի ունեցած արարողութեանց նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու ձեռամբ ալ Հայր Սուրբը ստացաւ Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետի աստիճանը։ Իր խարտաւիլակն էր Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ քահանայ հայրեր։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արամ Սրկ. Պարոնեան, Տիգրան Սրկ. Պեսքիսիզեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ հոգեւորականներու կողմէ՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի ղեկավարութեամբ։
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ յարակից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը։
Եկեղեցական
- 11/27/2024