ՊՈՅԱՃԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Երէկ տեղի ունեցաւ Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը։
Արարողութեան հանդիսապետեց եւ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արտա Սիմքէշեան եւ Մուրատ Փէյնիրճի ուրարակիր դպիրները եւ Նարեկ Տուրաքօղլու։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ դպիրներու եւ դպրուհիներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։
Տէրունական աղօթքէն առաջ օրուան պատգամը տուաւ պատարագիչ հայր սուրբը, «Ով որ մինչեւ վերջ համբերէ, ան պիտի փրկուի» բնաբանով։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Միսաք Ամիրա Միսաքեանի շիրիմին առջեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ եւ յիշուեցան անցեալ մօտ երկու դարու ընթացքին Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց ծառայող բոլոր սատարողները։
Ապա եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին յանուն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Անգինէ Էվեափան։
Հուսկ, օրհնութեան իր խօսքը արտասանեց հայր սուրբը եւ գնահատեց ամէն անոնք, որոնք ծառայասիրութեան ոգիով կու գան եկեղեցի։
Սիրոյ սեղանը վերջ գտաւ Տէրունական աղօթքով։