ՆՈՐԱՕԾ ԵՐԿՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐԸ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀԱՄԱԿՐԱՆՔԻՆ ԱՌԱՐԿԱՅ

Պոլսահայ հոգեւորականաց դասու երկու նորաօծ հայրերով լրամշակումը այս օրերուն ուրախութեան առիթ դարձած է համայնքային շրջանակներէն ներս։ Պատրիարքական Աթոռի ջանքերով հասած ու պատրաստուած նորաօծ հոգեւոր հայրերը յառաջիկայ շրջանին արդէն ծառայութեան պիտի կոչուին մեր եկեղեցւոյ մէջ։ Անոնք մաս կազմած են Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի առաջին ձեռնասուներու շարքին։

Տ. ԳԱՍՊԱՐ ԱԲԵՂԱՅ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Աւազանի անունով Գրիգոր, ծնած է 1995-ին, Իսթանպուլ։ Որդին է Շահինի եւ Սեդա Իւլքիւի։ Մկրտուած է Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ։ Ուսանած է թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին, ապա՝ Գարակէօզեան Տան եւ Էսաեան լիսէին մէջ։ Բարձրագոյն ուսումը ստացած է պատմութեան մասնագիտութեամբ։ Հետեւած է Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց պատրաստութեան լսարանին (2020-2022)։ Վերջին շրջանին կը ծառայէր Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ՝ որպէս լուսարար։ Շաբթուան զանազան օրերուն կը ծառայէր նաեւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցիներուն, նաեւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մատրան մէջ։ Կ՚անդամակցի Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին եւ Պէզճեան սանուց միութեան։

Դպրութեան չորս աստիճանները ստացած է 28 դեկտեմբեր 2014 թուականին, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ձեռամբ, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ մէջ։ 6 յունուար 2016-ին, Ս. Ծնունդի տաղաւարին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ուրար կրելու արտօնութիւն ստացած է՝ նոյնպէս Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։ 2018 թուականին եղած է կիսասարկաւագ, Պայծառակերպութեան տօնին օրը, Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ 13 յունիս 2022 թուականին, Ս. Հռիփսիմեանց Կոյսերու տօնին, Պիւյիւքտէրէի համանուն եկեղեցւոյ մէջ սարկաւագ ձեռնադրուած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ։

Տ. ՄԵԼՔՈՆ ՔՀՆՅ. ՓԸՆԱՐՃԵԱՆ

Աւազանի անունով Արտա, ծնած է 1988-ին, Իսթանպուլ։ Որդին է Յովհաննէսի եւ Ծաղիկ Տեմիրճիի։ Մկրտուած է Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ Ուսումը ստացած է թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ, ապա ազատ ուսուցմամբ հետեւած է վարչագիտութեան։ 2020-2022 թուականին աշակերտած է Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց լսարանին։ Մանկութենէն սկսեալ դպրութեան շապիկ հագած է Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր լուսարարի պաշտօն կը վարէր 2005 թուականէն ի վեր։ 2005-2020 թուականներուն մաս կազմած է Սահակեան սանուց միութեան։ 2010-2011 շրջանին ըրած է զինուորական պարտականութիւնը։ 29 մայիս 2022 թուականին ամուսնացած է Լիզա Քափի հետ։

Երջանկայիշատակ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի կողմէ 1 յունուար 2007 թուականին դպրութեան չորս աստիճաններ ստացած էր Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ 15 փետրուար 2009 թուականին, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան իրեն շնորհած է ուրար կրելու իրաւունք։ Նոյն եկեղեցւոյ մէջ, 14 յունիս 2014 թուականին, կիսասարկաւագ դարձած է՝ նոյնպէս Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ձեռամբ։ 13 յունիս 2022 թուականին, Ս. Հռիփսիմեանց Կոյսերու տօնին, Պիւյիւքտէրէի համանուն եկեղեցւոյ մէջ սարկաւագ ձեռնադրուած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ։

Այս ուրախ առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք նորաօծ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանն ու Տ. Մելքոն Քահանայ Փընարճեանը, որոնց ձեռնադրութիւնը վերջին օրերուն մեծ ուրախութեան առիթ դարձած է։ Անոնց կը մաղթենք ուժ եւ կարողութիւն, որպէսզի որպէս հովիւ անսպառ եռանդով եւ յաջողութեամբ ծառայեն մեր եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 26, 2022