ԴԷՊԻ 1 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ հօտին ուշադրութիւնը հետզհետէ կը թեքի դէպի Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը, որ հոկտեմբերի 1-ին նախատեսուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։
Կը տեղեկանանք, որ Միւռոնօրհնութեան օրը կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագը պիտի մատուցուի ձեռամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Ըստ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տնօրինութեան՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Միւռոնօրհնութեան սրբազան արարողութենէն առաջ, առաւօտուն պիտի պատարագէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուր պիտի խօսի նաեւ քարոզը։
Միւս կողմէ, յառաջիկայ շաբաթ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ ԳՀԽ վերջնական տեսքի կը բերէ Միւռոնօրհնութեան եւ շաբաթ մը վերջ յաջորդելիք եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան մանրամասնութիւնները։