ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Կը տեղեկանանք, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան մօտ գումարուած է Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան ընդհանուր ժողովը։ Ծանօթ է, որ այս տարեմուտին լարուածութեան ու վերիվայրումներու մթնոլորտին մէջ տեղի չէր ունեցած Միաբանական ընդհանուր ժողովը։ Այս առումով վերջին հաղորդումները կը համարուին դրական։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի նախագահութեամբ գումարուած է Միաբանական ընդհանուր ժողովը։ Ստորեւ նոյնութեամբ կը ներկայացնենք այս կապակցութեամբ Ս. Աթոռի դիւանին կողմէ հրապարկուած, 19 Հոկտեմբեր 2015 թուակիր մամլոյ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որ խմբագրութեանս հասաւ ելեկտրոնիք փոստի միջոցաւ, երէկուան դրութեամբ։
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանական ընդհանուր ժողովի 4-րդ նիստը գումարուեցաւ 13-15 Հոկտեմբեր թուականներուն, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ` Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի եւ մասնակցութեամբ քսանհինգ միաբան հայրերու:
Միաբանական ընդհանուր ժողովին ներկայացուեցաւ 2014 թուականի հաշուե-տուութիւնը եւ 2015 եւ 2016 թուականներու նախահաշիւները: Միաբան հայրեր բծախնդրօրէն քննարկեցին Տնօրէն ժողովի, Կալուածոց եւ Ելեւմտից տեսչութեանց տեղեկատուութիւններն ու հաշուետուութիւնները:
Միաբանական ընդհանուր ժողովը գնահատանքով ընդունեց Տնօրէն ժողովին եւ Ելեւմտից տեսչութեան տեղեկատուութիւնը եւ 2014 թուականի հաշուետուութիւնը վաւերացուց:
Միաբանական ընդհանուր ժողովը զբաղեցաւ նաեւ կալուածական գոր-ծառնութեանց հարցերով եւ վարձակալական կանոն մը եւս հաստատեց, ըստ կանոնադրութեան՝ երրորդ անգամ քուէարկելով, որ յետ այսու վարձակալական մէկէն մինչեւ քսանհինգ տարի ժամանակաշրջան ընդգրկող որեւէ համաձայնագիր վաւերացուի Տնօրէն ժողովին կողմէ եւ համաձայնագրերը ստորագրուին նուազագոյն երեք անձերու կողմէ` Պատրիարք Սրբազան Հօր (Ս. Աթոռը թափուր ըլլալու պարագային, տեղապահի կամ պատրիարքական փոխանորդի), լուսարարապետի, Տնօրէն ժողովի ատենապետի եւ կալուածոց տեսուչի կողմէ:
Իսկ քսանհինգէն առաւելագոյն քառասունինն տարիներու ժամանակաշրջան ընդգրկող համաձայնագրերը, Տնօրէն ժողովը պարտի ներկայացնել Միաբանական ընդհանուր ժողովին` վաւերացման համար: Այդ վաւերացուած համաձայնագրերը կը ստորագրուին նուազագոյն երեք անձերու կողմէ` Պատրիարք Սրբազան Հօր (Ս. Աթոռը թափուր ըլլալու պարագային, տեղապահի կամ պատրիարքական փո-խանորդի), լուսարարապետի, Միաբանական ժողովի ատենապետի եւ Տնօրէն ժողովի ատենապետի կողմէ:
Քառասունինը տարիներէ աւելի պայմանագիր կնքելու ստիպողականութեան պարագային, որպէս բացառութիւն վերոյիշեալ կանոնին, համաձայնագիրը կը վաւերացուի միայն Միաբանական ընդհանուր ժողովին կողմէ` գործադրելով ստորագրութեան համար վերեւ նշուած նոյն անձերը:
Միաբանական ընդհանուր ժողովը իր աւարտին հասաւ Հինգշաբթի 15 Հոկտեմբեր-ի երեկոյեան: Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր միաբան հայրերուն եւ Միաբանական ընդհանուր ժողովի դիւանին, ապա յոտնկայս Ս. Աթոռոյ «Օրհներգ»ով եւ Պատրիարք Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով փակուեցաւ Միաբանական ընդհանուր ժողովի 4-րդ նիստը:
Եկեղեցական
- 11/27/2024