ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Քիե­ւի Փե­չո­րեան վան­քի ուխ­տա­ւոր­նե­րը։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ուխ­տա­ւոր­նե­րուն փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւ­նը եւ բարձր գնա­հա­տանք ար­տա­յայ­տեց, որ Ուք­րայ­նոյ Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ բա­րե­պաշտ զա­ւակ­նե­րը ուխ­տա­ւո­րա­բար այ­ցե­լած են Հա­յաս­տան եւ հա­մայն հա­յու­թեան հո­գե­ւոր կեդ­րո­նը՝ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։

Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը անդ­րա­դար­ձաւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին մէջ վա­նա­կա­նու­թեան ու­նե­ցած մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թեան, ներ­կայ հո­գե­ւոր կեան­քի եւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գեխ­նամ եւ ազ­գա­պահ­պան ա­ռա­քե­լու­թեան։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­ղօթք բարձ­րա­ցուց առ Աս­տուած, որ­պէս­զի Տի­րոջ ո­ղոր­մու­թեամբ Ուք­րայ­նոյ ժո­ղո­վուր­դը հա­ւատ­քով եւ ա­ղօ­թա­կան ո­գիով կա­րե­նայ դի­մագ­րա­ւել իր առ­ջեւ ծա­ռա­ցած բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րը եւ խա­ղա­ղու­թեան, սի­րոյ ու եղ­բայ­րու­թեան ո­գին մշտա­պէս ա­ռաջ­նոր­դող ըլ­լայ ա­նոր կեան­քէն ներս։

Զրոյ­ցին ներ­կայ էր նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2015