ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Երէկ, Անթիլիասի մէջ, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին բացումը կատարուեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին եւ Անկլիքան եկեղեցւոյ միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբի հինգերորդ նիստին։
Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին մաս կը կազմեն Հայ Եկեղեցին, Ղպտի, Ասորի, Հնդկաստանի Մալապար, Հապէշ եւ Էրիթրիոյ եկեղեցիները. իսկ Անկլիքան եկեղեցւոյ մաս կը կազմեն աշխարհի զանազան կողմերը գտնուող Անկլիքան եկեղեցիները եւ Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսական եկեղեցին։
1993 թուականին սկսած աստուածաբանական երկխօսութեան նպատակն է քննարկել դաւանական ու եկեղեցաբանական եւ ընդհանրապէս աստուածաբանական այնպիսի հարցեր, որոնց նկատմամբ յիշեալ եկեղեցական երկու ընտանիքները տարբեր մօտեցումներ ունին։ Յանձնախումբը պիտի շարունակէ քննարկել Ս. Հոգւոյ բխման ու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հեղինակութեան հետ առընչութիւն ունեցող նիւթեր։
Ժողովը պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբերի 28-ը։