ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս օրերուն կ՚այցելէ Լոս Անճելըս՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի հաստատման 90-ամեակին առթիւ։ Նորին Սրբութիւնը յոբելեանին առթիւ կ՚իրականացնէ հովուապետական այցելութիւն մը՝ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ Թեմական խորհուրդի հրաւէրին ընդառաջ։ Ըստ նախատեսուած ծրագրին, Վեհափառ Հայրապետը յոբելենական գործունէութիւններուն նախագահելու առընթեր, կ՚այցելէ Լոս Անճելըսի շրջանի հայկական դպրոցները, առաջնորդարանի մէջ հանդիպումներ կ՚ունենայ շրջանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, թեմի երիտասարդներուն, հայկական վարժարաններու սաներուն եւ շաբաթօրեայ դպրոցներու աշակերտներուն հետ։ Այս Կիրակի, Վեհափառ Հայրապետը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ թեմի առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ։ Հայրապետական Ս. Պատարագի աւարտին պիտի նշուի նաեւ Նորին Սրբութեան գահակալութեան 18-րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ պիտի կատարուի Հայրապետական մաղթանք։

Հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, 30 Հոկտեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը միօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Մեքսիքա, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Մեխիքոյի Մայր տաճարէն ներս ան պիտի մասնակցի միջեկեղեցական յատուկ արարողութեան մը, որ նախատեսուած է երկրաշարժի զոհերու ի յիշատակ։

Մեքսիքայէն Նորին Սրբութիւնը պիտի վերադառնայ Լոս Անճելըս։ 1-3 Նոյեմբերին Պըրպենքի առաջնորդարանէն ներս Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ պիտի գումարուի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) հերթական ժողովը։

Վեհափառ Հայրապետին այս այցելութեան ընթացքին կ՚ուղեկցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան, գաւազանակիր Տ. Աղան Աբեղայ Երնջակեան, կաթողիկոսական գրասենեակի քարտուղար Տ. Ադամ Քհնյ. Մակարեան եւ յայտնի բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեան։ Լոս Անճելըսի մէջ Նորին Սրբութեան շքախումբին կը միանան նաեւ ԳՀԽ-ի անդամները եւ Արեւմտեան թեմի հոգեւորականաց դասը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2017