ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՐԱԳ ԱՊԱՔԻՆՈՒՄ ՄԱՂԹԵՑ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան արագ ապաքինում մաղթեց Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքին, որ դէպի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան ընթացքին անհանգստանալով հիւանդանոց փոխադրուած էր Ուաշինկթընի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը արդէն հիւանդանոցէն դուրս եկած է եւ կը շարունակէ իր հովուապետական այցելութիւնը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին ուղղեալ առողջութեան մաղթանքները գրաւոր փոխանցած է Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Նիւ Եորքի Էլֆիթոֆորոս Մետրապոլիտին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021