ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի մօտ ՄԱԿ-ի մշտական ներկայացուցիչ Ճուանայ Որոնեկայը։ Կիլիկեան Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ճուանայ Որոնեկայ հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ ՄԱԿ-ի՝ Լիբանանի վերաբերեալ առկայ մտահոգութիւններուն ու առաջադրանքներուն։ Ան յատկապէս մատնանշեց, որ տնտեսաքաղաքական բարեկարգումը անյետաձգելի հրամայական մը կը համարուի։

Արամ Ա. Կաթողիկոսն ալ ներկայացուց լիբանանահայութեան ներքին կառուցուածքն ու քաղաքական դերակատարութիւնը։ Ան յիշեցուց, որ հայ համայնքի մօտեցումները միշտ եղած են հաւասարակշռուած եւ ուղղուած՝ Լիբանանի ներքին միասնականութեան, ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան առաւել ամրապնդման։ Արամ Ա. Կաթողիկոս, միեւնոյն ժամանակ, կարեւորեց ՄԱԿ-ի դերը՝ Լիբանանի առկայ ընկերատնտեսական մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ճանապարհին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021