ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՄՈՍԿՈՒԱ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս օրերուն կ՚այցելէ Մոսկուա։ Նորին Սրբութիւնը հայրապետական այցելութեամբ մեկնած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմը։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը երէկ տեղեկացուց, որ այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ կ՚ունենայ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի բարերարներուն հետ։ Կը նախատեսուի անոնց հոգածութեամբ ձեռնարկուած ծրագրերու ընթացքին շուրջ քննարկումներ ծաւալել։ Ինչպէս ծանօթ է, Վեհափառ Հայրապետը պարբերաբար կ՚ունենայ նման հանդիպումներ։ Մանաւանդ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը անհամեմատօրէն թափ տուած է ընկերային գետնի վրայ իր աջակցութեան նախաձեռնութիւններուն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021