ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ ՊԻՏԻ ԺԱՄԱՆԷ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ քաղաքս։ Կը տեղեկանանք, որ Նորին Սրբազնութիւնը Իսթանպուլ պիտի գայ մասնակցելու համար Յունաց Պատրիարքարանին կողմէ կազմակերպուած գիտաժողովի մը։ Միջեկեղեցական-միջկրօնական բնոյթով այս նախաձեռնութիւնը կը վայելէ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքի բարձր հովանաւորութիւնը։ Գիտաժողովի ընթացքին նախատեսուած է նաեւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի զեկուցումը։ Այսպէսով Նորին Սրբազնութիւնը քանի մը օրուան կարճատեւ կեցութիւն մը պիտի ունենայ քաղաքիս մէջ։

Ինչպէս ծանօթ է, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան անցեալ ամսուայ սկիզբին, Հռոմի մէջ գտնուելու ժամանակ հանդիպում մը ունեցած էին Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին հետ, Վատիկանի «Տոմուս Սանթա Մարթա» քահանայապետական հիւրանոցի երդիքին տակ, Սուրբ Էճիտիօ համաշխարհային կաթողիկէ համայնքի տարեկան խաղաղութեան աղօթքին ժամանակ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021