ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ «ԼՍԵԼՈՎ ԱՐԵՒԵԼՔԸ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Հռոմի «Անճելիքում» քահանայապետական համալսարանէն ներս վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Լսելով Արեւելքը» խորագրեալ միջեկեղեցական, միջազգային գիտաժողով մը։ Ս. Թովմաս Աքուինացիի յիշատակին ձօնուած այս համալսարանէն ներս կազմակերպուած գիտաժողովը կը վերաբերէր Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներուն մէջ ժողովականութեան, սինոդականութեան։ Վիեննայի «Փրօ Օրիանթէ» միջազգային եկեղեցական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ ծրագիր մըն էր այս մէկը։ Վիեննայի այս կազմակերպութեան եւ յիշեալ քահանայապետական համալսարանի Միջեկեղեցական ուսումնասիրութիւններու կաճառին կողմէ պատրաստուած էր ծրագիրը։ Վատիկանի Քրիստոնէից միութեան քահանայապետական խորհուրդի եւ Եպիսկոպոսներու սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան հովանաւորութեան ներքեւ ծաւալուեցաւ աշխատանքը, որուն մասնակցեցան Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։

Քառօրեայ աշխատանքին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի։ Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն՝ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման գրասենեակի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական կոմիտէէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Կարէն Սրկ. Եոսլոխեանն ալ մասնակցեցաւ գիտաժողովի աշխատանքին։ Առանձին ենթախումբերու մէջ ծրագրին մասնակցութիւն բերին՝ Փարիզի Սորպոնի համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Արամ Մարտիրոսեան, աստուածաբան Անի Ղազարեան-Տրիսսի եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական կոմիտէէն ներս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տիանա Ղազարեան։

«Ժողովականութիւնը ըստ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու աւանդութեան» նիստի բացման, որպէս հիմնական բանախօս՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան հանդէս եկաւ ծաւալուն զեկուցումով մը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2022