ՊՈԼՈՆԻԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մաշ­խար­հա­յին ե­րի­տա­սար­դա­կան միա­ւոր­ման (ՀԵ­ՀԵՄ) Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քաշր­ջա­նի ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղո­վը վեր­ջերս ընդ­լայ­նուած կազ­մով տե­ղի ու­նե­ցաւ Ի­տա­լիոյ Պո­լո­նիա քա­ղա­քին մէջ։ Սա իր տե­սա­կին մէջ կազ­մա­կեր­պուած ա­ռա­ջին հա­ւաքն էր, ո­րուն նա­խա­գա­հեց Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ՀԵ­ՀԵՄ-ի հո­գե­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն է։ Ներ­կայ էին նաեւ Ռու­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Տա­թեւ Եպսկ. Յա­կո­բեան եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւոր հայ­րեր։ Պո­լո­նիա­յի «Սենթր Կրոսս» պան­դո­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցան աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնց շրջագ­ծով ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան։ Աշ­խա­տանք­նե­րը եզ­րա­փա­կուե­ցան խա­ղա­ղա­կան ժա­մեր­գու­թիւ­նով մը։

Հա­ւա­քէն վերջ ժո­ղո­վա­կան­նե­րը ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին դէ­պի Վե­նե­տիկ, ուր այ­ցե­լե­ցին Ս. Խաչ ե­կե­ղե­ցին եւ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Ս. Ղա­զար մայ­րա­վան­քը։ Ա­ւե­լի վերջ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ու­ղե­ւո­րուե­ցան դէ­պի Մի­լա­նօ, ուր մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին տեղ­ւոյն Ս. Քա­ռա­սուն Ման­կանց հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Տ. Տա­թեւ Եպսկ. Յա­կո­բեա­նի ձե­ռամբ մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գի­ն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2015