«ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ ՀՐԱՀՐՈՒՄԸ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ»

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եզրափակուեցաւ «Կրօնները ազգերու խաղաղ համակեցութեան երաշխիք» խորագրեալ համաժողովը, որու աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Երեւանի մօտ Իրանի դեսպանատան համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս համաժողովը, որուն մասնակից հայ քրիստոնեաներն ու իրանցի մահմետականները՝ որպէս համաշխարհային եւ աւանդական կրօններու ներկայացուցիչներ, առաջնորդուելով յանուն կայուն, անվտանգ խաղաղութեան անհրաժեշտութեամբ եւ հաստատելով ընդհանուր մարդասիրական արժէքներու կարեւորութիւնը մարդկութեան հոգեւոր եւ ընկերային կեանքի զարգացման, համընդհանուր խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ՝ յայտարարեցին.

- Ճանչնալ ազգային-կրօնական եւ հոգեւոր-բարոյական ուղենիշներու առանցքային նշանակութիւնը եւ կարեւորութիւնը հասարակական յարաբերութիւններու կայուն զարգացման մէջ։

- Դատապարտել եւ մերժել ընկերային, էթնոմշակութային եւ կրօնական տարբերութիւններու հիմքով անհանդուրժողականութիւնը, այլատեացութիւնը, խտրականութեան դրսեւորումներն ու հակամարտութիւնները։

- Կարեւորել ժողովուրդներու կրօնական բազմազանութիւնը՝ որպէս համամարդկային ժառանգութեան պահպանման գործօն։

- Խրախուսել բարեգործութիւնը, կարեկցանքը, ողորմութիւնը, ընկերային արդարութեան եւ համերաշխութեան կատարելատիպերու ձեւաւորումը՝ նպաստելով հասարակութիւններու մերձեցման։

- Ընդունիլ կրթական եւ մասնաւորապէս կրօնական կրթութեան արժէքը անձի ինքնակրթութեան, ինչպէս նաեւ այլ կրօններու ու մշակոյթներու նկատմամբ յարգալից վերաբերմունքի զարգացման գործին մէջ։

- Ընդգծել հասարակութեան մէջ եւ ընտանիքի պահպանման ու ամրապնդման գործին մէջ կնոջ դերը՝ յատկապէս մօր կարեւորութիւնը մատաղ սերունդի դաստիարակութեան ուղղութեամբ։

- Աներկբայ դատապարտել՝ յատկապէս կրօնական հողի վրայ ծայրայեղականութիւնը, արմատականութիւնն ու ահաբեկչութիւնը, որոնք ոտնձգութիւն են մարդկային կեանքի եւ արժանապատուութեան, անվտանգութեան ու խաղաղութեան դէմ։

- Դատապարտել աշխարհի վրայ եւ յատկապէս մեր տարածաշրջանէն ներս հակամարտութիւններու եւ լարուածութեան օճախներու ստեղծումը հրահրող որեւէ գործողութիւն եւ խօսք։

- Խստիւ դատապարտել կրօնական դրոյթներու եւ գաղափարներու կեղծումն ու դիտումնաւոր շահարկումը՝ ազգերու եւ ժողովուրդներու միջեւ հակամարտութիւն ու լարուածութիւն հրահրելու նպատակով։

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան շեմին Սուրբ Էջմիածնէն կ՚աղօթենք առ Բարձրեալը՝ հայցելով խաղաղութիւն համայն աշխարհին եւ համերաշխութիւն բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախէն պատուիրակութիւն մը՝ պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեանի գլխաւորութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի համար խաղաղութեան ու զօրակցութեան աղօթք՝ յաւարտ Ս. Գայիանէի վանքին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին։ Նորին Սրբութիւնը արարողութենէն վերջ Վեհարանի մէջ ընդունեց Արցախի պատուիրակութիւնը՝ խորհրդակցելով առկայ իրավիճակին շուրջ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2022