ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին այսօր կը նշէ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի յիշատակութեան տօնը։ Երէկ երեկոյեան, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակի հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Բացի մեր հոգեւորականաց դասու անդամներէն, արարողութեան առթիւ մէկտեղուեցան պոլսահայ սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները, որոնք արժանացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեան։

Արժեւորելով եկեղեցիներէն ներս սարկաւագներու սպասարկման նշանակութիւնը՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզին մէջ ըսաւ. «Մենք եկեղեցիներու մէջ կարեւոր գործ կը կատարենք, երկինքը երկրին կը կապենք, մեր սուրբերը մեր ազգին կը կապենք»։

Ժամերգութեան ու նախատօնակի աւարտին, եկեղեցւոյ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Այս առթիւ սարկաւագաց դասուն անունով արտայայտուեցաւ Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան։ Հոգեւորականաց դասուն անունով ալ խօսք առաւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Խմբերգներով խանդավառուած մթնոլորտին մէջ, հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հուսկ բանքով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2022