ՆՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Ս. Ստեփանոս նախավկայի ու առաջին մարտիրոսի յիշատակութեան օրը։ Սա աւանդաբար կ՚արժեւորուի նաեւ՝ որպէս Սարկաւագներու տօն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 5-րդ լսարանէն 11 սաներ երէկ ձեռնադրուեցան սարկաւագ՝ Վաղարշապատ քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց, քարոզեց եւ նոր սարկաւագներու ձեռնադրութիւնը կատարեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերու գրասենեակի տնօրէն Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։ Այս առթիւ հաւատացեալները օրհնութիւն ստացան՝ Ս. Ստեփանոսի մասունքակիր աջով, որ օրուան տօնին բերումով դուրս բերուած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Միւս կողմէ, Ս. Ստեփանոսի տօնին առթիւ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ալ երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մէկտեղուեցաւ սարկաւագներու հետ, որոնց տուաւ իր օրհնութիւնը։