Տ. ԳՐԻԳՈՐԻՍ ՎՐԴ. ՇՈՂԻԿԵԱՆ՝ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏՈՔԹՈՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Տ. Գրիգորիս Վրդ. Շողիկեանը, որ վերջերս փիլիսոփայական գիտութիւններու տոքթորի կոչման արժանացած է Անգլիոյ Նաթինկհըմի համալսարանին մէջ։ Հայր սուրբը Կաթողիկոսական գրասենեակի գործավար-քարտուղարն է։ Ան, Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ բարձրագոյն ուսումը շարունակած է յիշեալ համալսարանի Աստուածաբանութեան եւ կրօնագիտութեան ֆաքիւլթէէն ներս՝ պաշտպանելով տոքթորականի թեզ մը, որու նիւթը եղած է՝ «Հայոց Պատարագամատոյցի պատմագիտական վերլուծութիւն. ծիսաաստուածաբանական խօսոյթի քննութիւն»։

Զրոյցի ընթացքին հայր սուրբը Նորին Սրբութեան ներկայացուց իր թեզը՝ ընդգծելով, որ աշխատութեան նպատակն է հայոց պատարագի մանրաքնին վերլուծութեամբ պատմականօրէն արժեւորել համաքրիստոնէական համատեսքի մէջ հայկական պատարագի ձեւաւորումն ու զարգացումը։

Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց հայր սուրբը գիտական ձեռքբերման համար ու գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ սոյն աշխատութիւնը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ քրիստոնէական եկեղեցիներու աստուածաբաններուն, որպէսզի ի մօտոյ ծանօթանան հայկական պատարագի ծիսաաստուածաբանական առանձնայատկութիւններուն։

Հուսկ, Տ. Գրիգորիս Վրդ. Շողիկեան Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց իր թեզի աշխատութիւնն ու տոքթորականի վկայականը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2023