ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՍՕՐ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԻՐ ԱԹՈՌԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր կ՚աւարտէ դէպի Երուսաղէմ իր ուղեւորութիւնը եւ երեկոյեան ժամերուն կը վերադառնայ իր Աթոռը։

Ինչպէս հաղորդած էինք, երէկ առաւօտ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Ս. Յարութեան տաճարին մէջ։ Հին տոմարով Տէր Յիսուս Քրիստոսի անուանակոչութեան տօնին՝ Ութօրէքի առթիւ մատուցած Ս. Պատարագին ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Նորին Ամենապատուութիւնը Ս. Յարութեան տաճարի մուտքին դիմաւորուեցաւ Հրաշափառի արարողութեամբ, երկրպագեց Ս. Պատանատեղիին առջեւ, կատարեց իր ուխտը, ապա աղօթեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ։

Ս. Պատարագին հետեւեցան ուախտաւորներ եւ սաղիմահայ հաւատացեալներ, որոնք Ս. Հաղորդութիւն ստացան Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ։ Քարոզին մէջ Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանին, լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանին, Ս. Յարութեան տաճարի տեսուչ Տ. Սամուէլ Ծայրագոյն Վարդապետ Աղոյեանին եւ Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան անդամներուն։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տաճարի հայոց տեսչարանին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն։

Ս. Յարութեան տաճարի այս արարողութիւններէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքը։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ աթոռներու ամենապատիւ գահակալներուն մասնակցութեամբ կատարուեցաւ Տնօրհնէք։ Սահակ Պատրիարքը՝ որպէս հանդիսապետ օրհնեց հացը, ջուրը, աղը եւ տարւոյն արդիւնաբերութիւնը։ Տնօրհնէքէն վերջ, Նուրհան Պատրիարքը միաբաններուն, ուխտաւորներուն եւ հաւատացեալներուն բաժնեց օրհնուած նարինջ։ Պատրիարքարանի Տնօրհնէքէն վերջ միաբաններ ու ժառանգաւոր սաներ անցան վանքի սեղանատունը, ուր եւս կատարուեցաւ Տնօրհնէք։

Հարկ է նշել, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այսօր արդէն կ՚աւարտէ դէպի Երուսաղէմ՝ իր գահակալութեան շրջանի անդրանիկ այցելութեան ծրագիրը եւ երեկոյեան ժամերուն կը վերադառնայ իր Աթոռը։

Ուրբաթ, Յունուար 27, 2023