ԱՌԱՒԵԼ ԶԳԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած մեծահանդէս արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Օրուան տօնին առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համախմբուեցան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զանազան թեմերէն ու կառոյցներէն ներս սպասարկող 230 եկեղեցականներ՝ գլխաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդներու։ Էջմիածին քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ հոգեւորականները մասնակցեցան Ս. Պատարագի, զոր մատոյց Դադիվանքի (Արցախի թեմ) հոգեւոր հովիւ Տ. Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննիսեան։ Այս առթիւ տէր հայրը խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։

Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին առթիւ քահանայից հաւաքի մասնակիցները հանդէս եկան նաեւ յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութեան մէջ նշուած է, որ Ղեւոնդեանց ոգին դարեր շարունակ առաջնորդող եղած է մեր ազգին համար յանուն արժանապատուութեան, խղճի ազատութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան մղուող իր արդար պայքարին մէջ։ «Սրբոց Ղեւոնդեանք ներշնչող կերպար են հայ հոգեւորականի համար՝ իրենց նահատակութեամբ վերահաստատելով ազգային անդաստանէ ներս Հայոց Եկեղեցւոյ ծառայութեան ուղին, իր առաքելութիւնը յանուն հաւատի եւ հայրենեաց։ Հայրենիքի անսասանութեան եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր ինքնութեան անխաթար պահպանման տեսլականը եղած է Ս. Ղեւոնդեանց պայքարի անկիւնաքարը. տեսլական մը, որու հաւատարիմ կրողն է այսօր Հայոց Եկեղեցին իր ամբողջ հոգեւոր դասով։ 21-րդ դարուն աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը, յանդիման զանազան մարտահրաւէրներու, կը շարունակէ պայքարը իր արդար իրաւունքներու՝ ազատ ու անկախ կեանքի, սեփական անվտանգութեան եւ բարօրութեան արարման, հոգեւոր կեանքի զօրացման համար։ Փորձութիւններէն ու դժուարութիւններէն անմասն չէ նաեւ մեր հայրենիքը, որուն ուղղուած են աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի հայեացքը, ակնկալութիւններն ու սպասելիքները։ Հայրենի հողն է խարիսխը մեր ազգային բոլոր իղձերու եւ երազանքներու, մարմնաւորողը եւ կրողը դարերով կերտուած հոգեւոր-ազգային արժէքներուն։ Հայրենի երկրի անկախութիւնն է իմաստաւորումը հայու գոյութեան եւ պայքարի, սնուցող ջինջ ակունքը հայու ինքնութեան եւ երաշխաւորը անոր լուսաւոր ընթացքին։ Այսօրուայ աշխարհի փոթորկալի պայմաններուն մէջ, երբ յարձակման կ՚ենթարկուին ազգային-հոգեւոր արժէքները, երբ զանազան ուժերու ներգործութեան տակ փորձեր կը կատարուին խեղաթիւրել պատմական իրողութիւնները, Ղեւոնդեանց Քահանայից ոգին դարերու խորքէն մեր բոլորին կը պատգամէ ուղղում առաւել զգաստութեան, պատասխանատուութեան եւ միաբանութեան ի սէր մեր հայրենիքի եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Բաց աստի, Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առթիւ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւաբաշխութիւն։ «Հրաչ եւ Սիւզան Թուֆայեան» Հայորդեաց տան մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւաբաշխման արարողութիւնը, որուն եւս նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը արքութեան պատիւ շնորհեց Արմաւիրի թեմակալ առաջնորդ Տ. Սիոն Եպսկ. Ադամեանին, Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեանին եւ Հարաւային Ռուսաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Տ. Մովսէս Եպսկ. Մովսիսեանին։ Վեհափառ Հայրապետը պարգեւատրեց նաեւ այլ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Հանդիսութեան ընթացքին ան ներկաներուն ուղղեց իր պատգամն ու օրհնութիւնը։ «Հոգեւոր արժէքներու վրայ ամուր հաստատուած հասարակութիւնն է, որ կրնայ իր կեանքի վերընթացը կերտել», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 27, 2019