ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանը։ Ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած այդ յայտարարութիւնը։

*

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած ԳՀԽ-ի ժողովի ընթացքին անդրադարձ կատարելով Արցախի պատերազմին, Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած յետպատերազմեան արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն, նաեւ համակողմանիօրէն քննարկելով հայրենիքէ ներս տեղ գտնող զարգացումները՝ մասնաւորապէս փետրուարի 25-ի Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու հրամանատարութեան յայտարարութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի արձագանգի առիթով ստեղծուած դժուարին կացութիւնը, մեր խորին մտահոգութիւնը կը յայտնենք.

- Պատերազմի հետեւանքով հայրենիքի մէջ տիրող քաղաքական ծանր իրադրութեան առընչութեամբ, որ օրէ օր կը խորացնէ տնտեսական, ընկերային եւ հասարակական խնդիրները, ա՛լ աւելի կը ծանրացնէ բարոյահոգեբանական անկեալ վիճակը,

- Առկայ իրավիճակի յաղթահարման ուղղութեամբ Հայաստանի իշխանութիւններու կատարած քայլերու անարդիւնաւէտութեան, հասարակական-քաղաքական կարեւորագոյն հարցերու վերաբերեալ խնդրայարոյց դիրքորոշումներու առընչութեամբ, որոնք պիտի յանգեցնեն նոր պառակտումներու, առկայ արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներու ահագնացման, հայրենիքի ապագայի հանդէպ անվստահութեան արմատաւորման եւ արտագաղթի՝ լուրջ սպառնալիք դառնալով Հայաստանի անվտանգութեան եւ Արցախի ապագայ վերականգնման ու յառաջընթացին համար։

Անընդունելի կը նկատենք քաղաքական պայքարի շրջանակներէն ներս սերմանուող ատելութիւնը եւ անհանդուրժողականութիւնը, փոխադարձ անարգանքն ու հայհոյախօսութիւնը, քաղաքացիներու զգացումներու շահարկումը, որոնց հետեւանքով նաեւ երկրի հեղինազրկումը միջազգային հանրութեան առջեւ։

Կը յորդորենք.

- Իրաւապահ մարմիններուն՝ զերծ մնալ խաղաղ ցոյցերու եւ հաւաքներու ժամանակ բռնութիւններէն եւ անհամաչափ ուժի կիրառութենէն,

- Մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ պահպանել հանդարտութիւն, վարուիլ խոհեմութեամբ, օրինայարգութեամբ եւ ամենայն պատասխանատուութեամբ՝ չդադրելով ըլլալ նախանձախնդիր եւ հետեւողական հայրենիքի շահերու պաշտպանութեան գործին մէջ։

Վերահաստատելով առկայ կացութեան հանգուցալուծման շուրջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտայայտած դիրքորոշումները եւ օրհասական վիճակի լրջագոյն ցուցիչ դիտարկելով հայրենիքի անվտանգութեան երաշխաւոր Հայոց բանակի որդեգրած մտահոգ կեցուածքը՝ կոչ կ՚ուղղենք Ազգային ժողովին եւ իշխանութեան միւս կառոյցներուն՝ անհրաժեշտ հետեւութիւնները ընել եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ գործել ի սէր հայրենիքի եւ ազգի՝ նոր հիասթափութիւններու չառաջնորդելու համար մեր ժողովուրդը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ։

Կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ ընդդիմադիր ուժերուն՝ նպաստել համերաշխութեան հաստատման եւ խնդիրներու հանգուցալուծումը փնտռել մի միայն համազգային ներուժի համախմբման մէջ՝ հեռու պահելու ժողովուրդը հաւանական բախումներէ։ Կը յորդորենք նաեւ զգուշութիւն դրսեւորել Հայոց բանակի եւ զօրականներու վերաբերեալ գնահատականներու հարցին մէջ ու նպաստել մեր բանակի սրբազան առաքելութեան արգասաւորման։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի շարունակէ ամենայն ջանք ի գործ դնել լարուած մթնոլորտի լիցքաթափման եւ հասարակութենէն ներս միասնականութեան ու համերաշխութեան վերականգնման ուղղութեամբ։

Կ՚աղօթենք ճգնաժամի արժանապատիւ յաղթահարման համար՝ հայցելով ամենողորմ Աստուծմէ անվտանգ եւ խաղաղ պահել հայրենի մեր երկիրը եւ մեր ժողովուրդը իր Սուրբ Աջի հովանիին ներքեւ։

Շաբաթ, Փետրուար 27, 2021