ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակը նշուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագով։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Պատարագին զուգահեռ նշուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։ Հոծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան արարողութեան եւ ունկնդրեցին օրուան քարոզին։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահին մէջ սարքեց Պահքի սիրոյ սեղան մը։ Հոգեւոր հայրերը եւ հաւատացեալները համախմբուեցան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Մինչ այդ, նկատի ունենալով, որ արարողութիւնը կը զուգադիպէր Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի քահանայական ձեռնադրութեան 37-րդ տարեդարձին, այս յատկանշական փուլը ընդգծելու համար խնամակալութիւնը անակնկալ մըն ալ մատոյց յոբելեար տէր հօր։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023