ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան հոգեւոր իշխանութեան սահմաններէն ներս ծառայութեան կոչուած եկեղեցականները նախընթաց օր առցանց խորհրդակցութիւն մը ունեցան։ Հոգեւորականաց այս ժողովի ընթացքին քննարկման նիւթ դարձաւ, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ինչպէ՞ս կրնայ շարունակել իր առաքելութիւնը քորոնաժահրի համաճարակի ներկայ ժամանակաշրջանին։ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ այս տեսաքոնֆերանսը, որուն մասնակցեցան Տ. Զատիկ Վրդ. Աւետիքեան (Պելժիա), Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեան (Իտալիա), Տ.  Շնորհք Աբեղայ Սարգսեան (Սպանիա), Տ. Վաչէ Աբեղայ Մկրտչեան (Իտալիա), Տ. Տարօն Քհնյ. Թադէոսեան (Հոլանտա), Տ. Մաշտոց Քհնյ. Պաղտասարեան (Հոլանտա) եւ քարտուղարուհի Անուշ Թոռունեան (Իտալիա)։

Համաճարակի պատճառով առցանց կազմակերպուած ժողովի սկիզբին մասնակիցները միասնաբար առ Աստուած աղօթք ուղղեցին՝ առողջութիւն ու խաղաղութիւն հայցելով բոլոր հիւանդներուն եւ համավարակի պատճառով նեղութեան մէջ յայտնուածներուն համար։ Նորին սրբազնութիւնը բացման խօսքին մէջ հոգեւոր եղբայրներուն յղեց իր ողջոյնները եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ բոլորի մասին՝ համաճարակի ներկայ դժուարին օրերուն ցուցաբերուած անմնացորդ ծառայութեան համար։ Արդարեւ, Արեւմտեան Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ հոգեւոր հայրերը կը ջանան անձնուրաց ջանքերով հասնիլ մեր ժողովուրդի սպասարկութեան։

Տեսաքոնֆերանսի ընթացքին ժողովական հայրերը քննարկեցին օրակարգի զանազան հարցեր։ Այս ամբողջին մէջ անոնք անդրադարձան համաճարակէն վերջ եկեղեցիներու վերաբացման եւ արարողութիւններու կատարման հեռանկարին՝ ստեղծուելիք նոր իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ։ Անոնք շեշտեցին, որ պարտաւոր են հետեւելու իւրաքանչիւր երկրի պետական օրէնքներուն կամ ցուցմունքներուն։ Այդ տեղական օրէնքներու հիման վրայ իւրաքանչիւր եկեղեցական խորհուրդ եւ հոգեւոր հովիւ միասնաբար պէտք է յստակեցնեն իրենց ռազմավարութիւնը։ Հոգեւոր հայրերը մասնաւորապէս անդրադարձան, թէ ներկայ կացութեան մէջ ինչպէ՞ս պէտք է կազմակերպուին խորհրդակատարութիւնները կամ այլ ծիսակատարութիւններ։ Բաց աստի, անոնք ուշադրութիւն կեդրոնացուցին այլ խնդրի մը վրայ, թէ ինչպէ՞ս կրնան շարունակուիլ եկեղեցւոյ դաստիարակչական, ընկերային, մշակութային եւ այլ ձեռնարկները։

Խորհրդակցութեան ընթացքին նկատի առնուեցաւ, որ համաճարակի ժամանակաշրջանին իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ առջեւ կը ծառանան ելմտական խնդիրներ։ Հոգեւոր հայրերը որոշեցին, որ իւրաքանչիւր հոգեւորական եկեղեցական վարչային խորհուրդներու անդամներու հետ համատեղ աշխատանքով պէտք է մշակէ ռազմավարութիւն՝ այս մարտահրաւէրի դիմագրաւման համար։ Հոգեւոր հայրերը նաեւ համամիտ գտնուեցան առաւել արդիւնաւէտութեամբ օգտագործել արդիական հաղորդակցութեան հնարաւորութիւնները, ընկերային ցանցերը՝ եկեղեցւոյ առաքելութեան շարունակականութիւնը երաշխաւորելու համար։

Հուսկ, Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեանի առաջարկով որոշուեցաւ յառաջիկայ ամիսներուն պարբերաբար շարունակել նման առցանց քննարկումները՝ առկայ դժուար իրավիճակը միասնաբար յաղթահարելու համար։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2020