ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԷՆ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍՏԱՆԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը շարունակէ ստանալ նուիրատուութիւններ՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կոչին ընդառաջ։ Այդ նուիրատուութիւնները կը յատկացուին համաճարակի հետեւանքներու յաղթահարման ի նպաստ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուած ընկերային, առողջապահական եւ կրթական ծրագրերու իրականացման համար։

Գերմանիոյ Հայոց թեմը ընկերային ծրագրերու համար նուիրած է 4 հազար եւրօ։ «Իզմիրլեան» հիմնադրամի կողմէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին յատկացուած է 100 հազար ամերիկեան տոլար՝ կարիքաւոր ընտանիքներուն Հայաստանի եւ Արցախի թեմերու միջոցաւ պարէնային օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով։ Ճորճ եւ Ճոն Քիւրքճեան եղբայրներու հիմնադրամն ալ տրամադրած է 20 հազար ամերիկեան տոլար։

Բաց աստի, ոմն հաւատացեալ բարերարի մը կողմէ 50 հազար ամերիկեան տոլար գումար փոխանցուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին՝ ի զօրակցութիւն լիբանանահայութեան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2020