ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆԸ
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Թարմունիի վախճանման կապակցութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ցաւակցագիր մը յղեց Հռոմի Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին։ Վեհափառ Հայրապետը, յանուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին, յայտնեց իր վշտակցութիւնը նաեւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալներուն։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց հանգուցեալի երկար տարիներու նուիրեալ ծառայութիւնը՝ ի խնդիր Քրիստոսի եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման։
Նորին Սրբութիւնը աղօթք բարձրացուց, որ Տէրը երկնային հանգիստ շնորհէ վախճանեալ Հոգեւոր Տիրոջ, ինչպէս նաեւ Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն՝ հաւատացեալներուն։
Հոգեւոր Տիրոջ վախճանման առիթով Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ալ երէկ յետմիջօրէին այցելեց Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանին եւ յայտնեց իր ցաւակցութիւնները։ Սրբազան Հայրը ցաւակցական նամակ մը ուղարկեց նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ Տ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեանին եւ յանուն Պատրիարքական Աթոռին, Կրօնական Ժողովի, հոգեւորականաց դասու եւ հաւատացեալներու յայտնեց իր ցաւակցութիւնը։
Եկեղեցական
- 11/27/2024