ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԿՈՂՄԷ

Երէկ, Պէյրութի մէջ, Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն ընդունեց կաթողիկէ հայոց նորընտիր Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքը։ Հանդիպման ընթացքին ան շեշտեց, որ Լիբանանի հայ կաթոլիկները պատրաստ են միշտ ծառայելու իրենց երկրին։ Հանդիպման ընթացքին նորընտիր պատրիարքին ընկերացան շարք մը բարձրաստիճան եկեղեցականներ, Լիբանանի Հայ կաթողիկէ համայնքէն աշխարհական ներկայացուցիչներ եւ վարժարաններու տնօրէններ։ Նախագահ Աուն, որու ներկայացուցիչը մասնակցած էր շաբաթավերջի գահակալութեան արարողութեան, երէկուան հանդիպման ընթացքին ալ շնորհաւորեց նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարքը, որուն մաղթեց բեղուն ու պտղաբեր առաքելութիւն։

Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժանմունքի հաղորդումներով, զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան Լիբանանի առկայ մարտահրաւէրները։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021