ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՆՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ հոկտեմբերի 10-ին, Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրուած 25 նոր սարկաւագները։ Վեհարանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։

Լուսարարապետ սրբազանը, որ կատարած էր ձեռնադրութիւնը, նորընծաները Վեհափառ Հայրապետին ներկայացնելու ժամանակ վստահեցուց, թէ իւրաքանչիւրը լիովին կը գիտակցի կոչման կարեւորութեան ու առաքելութեան։ Իր կարգին, Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանն ալ երախտագիտութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան՝ հոգեւոր բարձրագոյն հաստատութեան նկատմամբ ցուցաբերուած հայրապետական հոգածութեան եւ ուշադրութեան համար։

Վեհափառ Հայրապետն ալ տուաւ իր օրհնութիւնը նոր սարկաւագներուն եւ ըրաւ բարեմաղթութիւններ՝ շնորհաւորելով ձեռնադրութեան կապակցութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը անոնց պատգամեց մշտապէս հաւատարիմ մնալ իրենց ուխտին, նուիրեալ ծառայութիւն իրականացնել Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս, կեանքի զանազան իրավիճակներուն մէջ դրսեւորել Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի նախանձախնդրութիւնն ու զոհողութեան ոգին։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց սարկաւագները, որոնց ընծայեց ժամագիրքեր։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021