ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ահըլ Էլ-Պէյթի Համաշխարհային համագումարի ընդհանուր քարտուղար Այէթուլլահ Մուհամմէտ Հասան Ախթարին։ Կը հաղորդուի, որ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Ախթարին եւ ընկերակիցները եւ ըսաւ, թէ նման այցելութիւնները կը նպաստեն փոխադարձ ճանաչման ու միջկրօնական երկխօսութեան առաւել զօրացման։ Ընդգծելով միջկրօնական երկխօսութիւններուն անհրաժեշտութիւնը՝ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, թէ քաղաքական գործիչներուն նման՝ հոգեւոր առաջնորդները եւս կրնան դերակատարութիւն ունենալ աշխարհի զանազան կողմերուն իրականացուող ոճրագործութիւններուն եւ ահաբեկչական գործողութիւններուն կանխարգիլման ուղղութեամբ, անոնց հետեւանքներու յաղթահարումով հանդերձ։ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս կանգ առաւ այն հանգամանքին վրայ, թէ այսօր յաճախ ահաբեկչութիւնը կը քօղարկուի կրօնական գործօնով։ Այս առընչութեամբ ան դատապարտեց Ֆրանսայի մէջ կատարուած ահաբեկչութիւնը ու մտահոգութիւն յայտնեց Միջին Արեւելքէ ներս առկայ ծանր կացութեան շուրջ։
Իրանէն ժամանած հիւրերուն հետ զրուցելու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ երկու ժողովուրդներու պատմական կապերուն եւ յարաբերութիւններու զարգացման ներկայ փուլին։
Իր կարգին Այէթուլլահ Մուհամմէտ Հասան Ախթարի եւս կարեւորեց միջկրօնական երկխօսութիւնները ու նշեց, թէ կրօնական առաջնորդներու միջեւ ձեւաւորուած փոխադարձ համագործակցութիւնը գեղեցիկ օրինակ մը պիտի ըլլայ աշխարհի ժողովուրդներուն համար եւ զանոնք պիտի առաջնորդէ դէպի այն վեհ ու նուիրական արժէքները, որոնք կը քարոզուին բոլոր կրօններուն կողմէ։ Անդրադառնալով ծայրայեղական դրսեւորումներուն՝ ան ընդգծեց, թէ որեւէ կրօն չի նախատեսեր սպաննել Աստուծոյ արարածները եւ կրօնական գործիչներուն պատասխանատուութիւնն է խստօրէն դատապարտել այդ բոլոր երեւոյթները, որոնք կը չարաշահեն մարդոց հաւատքը։
Վեհափառ Հայրապետը եւ Այէթուլլահ Մուհամմէտ Հասան Ախթարի խօսեցան նաեւ երիտասարդ սերունդի հոգեւոր դաստիարակութեան եւ հոգեւորականներու պատրաստութեան շուրջ։ Մարդկային կեանքը յուզող զանազան խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու յաղթահարման գործին մէջ կարեւորուեցաւ միջկրօնական համագործակցութեան ընդլայնումը եւ համատեղ քայլերու իրականացումը։
Եկեղեցական
- 11/27/2024