ԶՈՀՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿԵՐՊԱՐ ՄԸ

Ս. Ստեփանոս Նախավկայի տօնին առթիւ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց սարկաւագաց դասը։ Այսպէս, Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը ստացան այն սարկաւագները, որոնք կը սպասարկեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի մէջ, նաեւ այն նորընծաները, որոնք տօնին առթիւ ձեռնադրուած էին։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութեան կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան։

Վեհափառ Հայրապետը սարկաւագները շնորհաւորեց օրուան տօնին առթիւ եւ անդրադարձաւ Ս. Ստեփանոսի՝ քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին նահատակի անձին ու կերպարին։ Ան նկատեց, որ այսօր, առաւել քան երբեք, իւրաքանչիւր հայորդիէ կը պահանջուի Սուրբ Ստեփանոսի նուիրումն ու նահատակութեան յանձնառութեան բարձր գիտակցութիւնը, որով հնարաւոր կ՚ըլլայ յաղթահարել առկայ մարտահրաւէրները եւ յաղթանակած դուրս գալ ստեղծուած իրավիճակէն, ինչպէս քրիստոնէութիւնը յաղթանակեց նահատակներու եւ մարտիրոսներու շնորհիւ։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը սարկաւագներուն պատգամեց, որ իրենց առաքինի ընթացքով ու նուիրեալ ծառայութեամբ պանծացնեն հայ եկեղեցականի եւ Եկեղեցւոյ բարի համբաւը՝ արժանանալով գալիք սերունդներու օրհնութեան։

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը սարկաւագները արձակեց «Պահպանիչ» աղօթքով։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2022