ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ՝ ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հայ իրականութեան մէջ մարդուժի պատրաստութեան առանցքային ու հիմնական լծակներէն մին է։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ինքնին կրթական համակարգ մըն է։ Հարցը միայն նոր սերունդէ եկեղեցականներու պատրաստութիւնով չէ սահմանափակուած՝ մանաւանդ, որ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը ունի համալսարանի կարգավիճակ, իսկ գիտական այլ բազմաթիւ ճիւղերու պարագային ան ուղղակի ներդրում կ՚ունենայ տուեալ ոլորտին։ Երկու օր առաջ, Ս. Ստեփանոսի տօնին, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանքի համալիրէն ներս շրջապատած երիտասարդ սարկաւագները հերթական վառ ապացոյցը հանդիսացան, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ կ՚իրականացնէ կրթադաստիարակչական բնագաւառի գործառոյթները։

Դժբախտաբար, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան միջեւ վերջին տարիներուն ծայր տուած տարակարծութիւններու էական բաժինը կը վերաբերի կրթական ոլորտին։ Ինչպէս Վեհափառ Հայրապետը անձամբ, այնպէս ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատկան բաժանմունքները հրապարակաւ կ՚անդրադառնան խնդիրներուն։ Վեհարանէն ներս անցեալ շաբաթ կազմակերպուած մասնագիտական քննարկումէն վերջ սոյն խնդիրները հերթական անգամ բարձրաձայնուած էին։

Ի լրումն այս բոլորին, երէկ հաղորդուեցաւ, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կրթական յանձնախումբը նամակ մը ուղարկած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի։ Սոյն նամակով պահանջուեցաւ, որ Հայաստանի դպրոցներու 7-րդ դասարանի պատմութեան դասագիրքի գործածութիւնը դադրեցուի եւ սկիզբ տրուի նոր դասագիրքի մը պատրաստութեան աշխատանքին։ Նամակին մէջ վերապահութիւնները թուարկուած են թէ՛ դասագիրքի բովանդակութեան եւ թէ ընթացակարգային հարցերու հիմունքներով։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կրթական յանձնախումբին անունով նամակը ստորագրուած է՝ Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի կողմէ։

Միւս կողմէ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեանն ալ երէկ նոյն նիւթին շուրջ հանդէս եկաւ մամլոյ ասուլիսով մը։ «Տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ մեր մօտ կը փորձուի պատմութիւնը շարադրել՝ համապատասխանեցնելով արտաքին պահանջներուն, արտաքին ճաշակներուն։ Եւ ամբողջ վտանգը այստեղ է», ըսաւ ան։ «Մարդիկ կ՚ուզեն պատմութիւնը խմբագրել, ո՛չ թէ պատմութեան նկատմամբ իրենց մօտեցումները», համոզուած է նորին սրբազնութիւնը։

Իր կարգին, Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանն ալ երէկուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց, որ 7-րդ դասարաններու պատմութեան աղմկայարոյց դասագիրքը չէ ստեղծուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ համագործակցութեամբ։ «Այդ դասագիրքի կիրառումը անընդունելի է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համար», նշեց ան եւ աւելցուց, որ պետական կառոյցներու ներկայացուցիչ լուրջ գիտնականներ, պատմաբաններ դէմ արտայայտուած են այդ դասագիրքին եւ հրապարակած իրենց կարծիքը։ «Մեզի համար զարմանք յարուցեց՝ մանաւանդ, որ գիրքի տիտղոսաթերթիկին վրայ կը նշուի, թէ իբր դասագիրքը պատրաստուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ համագործակցութեամբ։ Մինչդեռ որեւէ յարաբերութիւն չէ հաստատուած Մայր Աթոռի որեւէ կառոյցի հետ եւ ապակողմնորոշող այդ յայտարարութիւնը դրուած է մարդոց մօտ այլ պատկերացում ստեղծելու համար», ընդգծեց ան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2023