ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շարունակեց քաղաքիս քրիստոնեայ յարանունութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն այցելութիւններ տալ՝ Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Իսթանպուլի պատրիարքական փոխանորդ Եուսուֆ Չեթին մետրապոլիտին եղբայրական այցելութիւն մը տուաւ՝ շնորհաւորութիւններ յղելով տաղաւարի առթիւ։ Նորին Ամենապատուութեան հետն էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Բաց աստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառի պաշտօնական այցելութիւնը, որ զուգադիպեցաւ Սուրբ Ծննդեան շրջանին։ Գազանճեան Գերապայծառին ընկերացաւ նաեւ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։ Բոլորն ալ տօնական շրջանի առթիւ եղբայրաբար փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։