ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու կազմաւորման 30-ամեայ յոբելեանը երէկ ամենաբարձր մակարդակով նշուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ։ Բանակի օրուան առթիւ Հանրապետական մաղթանք տեղի ունեցաւ Էջմիածին քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ՝ նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, որ շրջապատուած էր բարձրաստիճան եկեղեցականներու կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի բանակի բարձրագոյն սպայական կազմէն ներկայացուցիչներ։ Հանրապետական մաղթանքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հանդէս եկաւ պատգամով մը։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Մեր բանակի կազմաւորման 30-ամեակի տարեդարձի հանգրուանը առիթ է մեր զաւակներու անձնդիր ծառայութեան գնահատականի եւ արժեւորման, առիթ է նաեւ ինքնաքննութեան, գործուած սխալներու եւ թերացումներու լուրջ անդրադարձի, որպէսզի ի զօրու ըլլանք դիմակայելու մեր երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ լաւատեսութեամբ մեր հայեացքը ուղղելու դէպի ապագայ։ Պարտութիւնները անդառնալի եւ վէրքերը անբուժելի կը մնան, եթէ մեր մէջ ուժ չենք գտներ վերյառնումի ու արարման, եթէ գլուխ կը բարձրացնէ մեղաւորներ փնտռելու եւ պարտութիւնը իբրեւ անխուսափելիութիւն ներկայացնելու մոլուցքը, եթէ հաւատքը չի բխիր անկեղծ սիրտէն ու մաքուր մտքէն, թէ կարելի է Աստուած մասնակից դարձնել հայրենիքը շէնացնելու եւ հզօրացնելու առաքելութեան։ Երբ հաւատարիմ գտնուած ենք մեր առաքելութեան, մեր հայրենին ծաղկած է, սահմանները անառիկ մնացած են, երբ անհաւատարմութեան, անարդարութեան որոմ խառնուած է մեր արդար ցորեանին, պարտուած ենք, նահանջ ապրած եւ երկիր կորսնցուցած։ Երբեք չմոռնանք առաքեալի խօսքը, ըստ որու՝ եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կ՚ըլլայ մեզի հակառակը»։

Հանրապետական մաղթանքէն վերջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որ սարքուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ։ Այս փուլին կատարուեցաւ նաեւ պարգեւատրութիւն։ Այս հաւաքոյթի աւարտին ալ Նորին Սրբութիւնը հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով։

Բանակի օրուան առթիւ այս առաւօտ ալ Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Եռաբլուր զինուորական պանթէոն։ Նահատակներու յուշարձանին մօտ Վեհափառ Հայրապետը զետեղեց ծաղկեպսակ մը եւ առ Աստուած աղօթք բարձրացուց՝ հայրենիքի համար զոհուածներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի կառավարութեան անդամներն ալ այս առաւօտ այցելեցին Եռաբլուր՝ փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ։  

Ուրբաթ, Յունուար 28, 2022