ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐԸ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԵՆ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՍՈՒՐԲ ՔԱՂԱՔԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ վերադարձաւ Սուրբ Երուսաղէմէն։ Սա իր գահակալութեան շրջանի առաջին ուղեւորութիւնն էր՝ դէպի Սուրբ Երկիր։ Համայնքային շրջանակները ուրախութեամբ կ՚ողջունեն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր Աթոռ վերադարձը։ Նորին Ամենապատուութիւնը գահ բարձրանալէ վերջ առաջին անգամ այցելած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ընթացքին մեկնած էր նաեւ Վատիկան։ Այժմ Սուրբ Երուսաղէմը եկաւ համալրել այս յատկանշական շարքը։

Երէկ առաւօտ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարին մէջ հանդիսապետեց ժամերգութեան, որու աւարտին հրաժեշտ տուաւ Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանին եւ միաբան հայրերուն։ Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը մեկնեցաւ Սուրբ Աստուածածին վանքը, որ կը գտնուի Գեթսեմանիի ձորին մէջ։ Ան դիմաւորուեցաւ Տ. Արտակ Աբեղայ Տիւշէնեանի կողմէ։ Այստեղ ուխտի Ս. Պատարագ մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Ապա վերադառնալով Սրբոց Յակոբեանց վանքը՝ Նորին Ամենապատուութիւնը հրաժեշտի հանդիպում ունեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի հետ։ Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ աթոռներու ամենապատիւ պատրիարքները եղբայրաբար ողջագուրուեցան՝ վերարտայայտելով իրարու նկատմամբ սէրն ու համագործակցութեան տրամադրութիւնները։ Այս փուլին Սահակ Պատրիարքի ընկերակից հոգեւոր հայրերն ալ՝ ուխտագնացութեան օրերուն ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեցին Նուրհան Պատրիարքին եւ այս վերջնոյն անձին մէջ Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան անդամներուն։ Օրուան աւարտին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը արդէն վերադարձաւ իր Աթոռը։

Համայնքային շրջանակները օրերէ ի վեր մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւէին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր ուղեւորութեան իւրաքանչիւր փուլին։ Այս այցելութիւնը իսկապէս արձանագրեց մեծ յաջողութիւն։ Անոր փայլուն նուաճումով մը պսակուիլը պայմանաւորուած չէ միայն ստեղծած լայն արձագանգով, այլեւ տէրունակոխ սրբավայրերու մէջ ապահովուած հոգեւոր ապրումներու ճառագայթումով։

Ուստի, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր Աթոռ վերադարձը այս պարագային կը համարուի օրհնաբեր։ Իր վերադարձով պոլսահայ ամբողջ հաւատացեալներուն փոխանցուած կ՚ըլլան դէպի Սուրբ Երկիր ուղեւորութեան խորհուրդն ու բերկրանքը։

Շաբաթ, Յունուար 28, 2023