ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ԳԻՐՔԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց երկու ուշագրաւ գիրքեր։ Առաջինն է Սուրբ Էջմիածնի միաբան, Մայր Աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանի «Քարոզներ եւ ակնարկներ» ժողովածոն։ Երկրորդ գիրքն է՝ «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հասարակական եւ դիւանագիտական գործունէութիւնը (1918-1920)» խորագրեալ աշխատութիւնը, որու հեղինակն է Աւագ Յարութիւնեան։

Առաջին գիրքին մէջ քարոզներու հետ միասին ի մի բերուած են քրիստոնէական հաւատի զանազան հարցերու, ազգային-եկեղեցական իրադարձութիւններու, տօներու մասին տարիներու ընթացքին Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանի գրած դատողութիւնները՝ խմբագրականներու կամ կարճ ակնարկ-պատումներու ձեւով։

Երկրորդ գիրքը ձօնուած է Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հռչակման 100-ամեայ յոբելեանին։ Այնտեղ վերլուծուած են 1918-1920 թուականներուն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ներքին դրութեան քաղաքական երեսակները, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դերը Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային յարաբերութիւններու համակարգին մէջ, Մայր Աթոռի արտաքին գործունէութիւնը, Մայր Աթոռ-Հայաստանի Հանրապետութիւն յարաբերութիւններու համակարգը, Մայր Աթոռի վերաբերմունքը Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքական կեանքէն ներս տեղ գտած երեւոյթներուն հանդէպ։

Առաջին գիրքը հրատարակուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ, իսկ երկրորդ գիրքը՝ Վահան Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ։  

Չորեքշաբթի, Փետրուար 28, 2018