ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Սա ազգային-եկեղեցական նշանակութեամբ մեծ տօն մըն է ու կարեւոր խորհրդանշան մը՝ հայ ժողովուրդի կողմէ խղճի ազատութեան նկատմամբ ընծայուած կարեւորութեան առումով։ Բաց աստի, հայոց քրիստոնէական վկայութեան տեսակէտէ եւս այս տօնը ունի մեծ իմաստ եւ անոր խորհուրդի դարերու ընթացքին հիմնական բանաձեւումը դարձած է «Վասն հայրենեաց, վասն հաւատոյ» կարգախօսը։

Սրբոց Վարդանանց յիշատակութեան զուգահեռ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի անուանակոչութեան օրը։ Բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայրապետական մաղթանք եւ առ Աստուած աղօթք կը բարձրացուի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կենաց արեւշատութեան համար։ Աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը կ՚աղօթէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան եւ անոր գահակալին ծաղկուն գաւազանին համար։

Այս առթիւ մենք եւս կը միանանք Վեհափառ Հայրապետի կենաց արեւշատութեան ուղղեալ մաղթանքներուն՝ որդիական խորին յարգանքով։

Հինգշաբթի, Փետրուար 28, 2019