«ԵՍ ԵՄ...»

Հայ Առաքելական Եկեղեցին այսօր մուտք գործեց Մեծ պահքի ճանապարհորդութեան շրջան: Մեծ պահքը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ամենէն խորհրդաւոր շրջանն է, որու ընթացքին հաւատացեալը ճանապարհորդութիւն մը կը կատարէ սկսելով ստեղծագործութենէն հասնելու համար մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան՝ որով մեր հոգիներու փրկութեան:

Պահքը առիթ մըն է ինքնաճանաչողութեան, ինքնաքննութեան, այլ խօսքով՝ մաքրուելու եւ սրբանալու: Ընդհանրապէս, մարդիկ երբ կը պատրաստուին ճանապարհորդութիւն կատարելու կամ ճանապարհորդութիւն կը կատարեն, նախքան ճանապարհ ելլելը կը նախապատրաստուին, որպէսզի ճանապարհորդութեան ընթացքին ամէն ինչ բնականոն եւ բարեյաջող ընթանայ: Ճիշդ նոյն ձեւով պէտք է վարուիլ Մեծ պահքի այս ճանապարհորդութեան. անոնք որոնք նախապատրաստուած են, թեթեւ կը տանին ճանապարհորդութիւնը իրենց հետ ունենալով պէտք եղած զրահները՝ ապաշխարութիւն, մեղքերու խոստովանութիւն, առաքինութեան գործեր, աղօթք, հաստատուն հաւատք եւ յոյս՝ թողութիւն գտնելու ու վայելելու աստուածային ուրախութիւնը: Իսկ անոնք որոնք չեն պատրաստուած, նոյն զրահները՝ ապաշխարութիւն, խոստովանութիւն, աղօթք, հաւատք եւ յոյս պատրաստ են, պարզապէս կամք պէտք է զինուելու եւ պարսպապատուելու այդ զրահներով:

Արդարեւ, պահքը ինչպէս ըսի ինքնաճանաչողութեան ու մաքրուելու առիթ է: Մեր Տէրը մեզմէ կ՚ուզէ, որ գիտակցինք մեր մեղքերուն, դարձի գանք, ապաշխարենք եւ յոյսով սպասենք Իր գալուստին: Յաջողութեան հասնելու համար սակայն, հանգրուաններէ պէտք է անցնինք: Վստահաբար, բոլորդ ալ կարդացած էք Յովհաննէսի Աւետարանը եւ հանդիպած՝ մեր Տիրոջ «Ես եմ....»ներու շարքին: Այսօր, մեր առօրեային մէջ ինքա՜ն յաճախ այդ «ես եմ...»ը կը գործածենք, շատ յաճախ մոռնալով, որ մենք առանց Տիրոջ՝ ոչի՛նչ ենք պարզապէս, իսկ Տիրոջմով՝ ամէն ինչ: Մարդը միշտ կը սիրէ շոյուած ըլլալ, կը սիրէ խօսիլ իր քաջագործութիւններուն մասին, կը սիրէ իր նմաններէն գովասանք լսել, որպէսզի յագեցնէ իր այդ «ես եմ...»ի մարմաջը:

Եթէ գերին դարձած ենք այդ «ես եմ...»ին, ապա պիտի փորձենք եւ աշխատինք ձերբազատուիլ այդ գերութենէն, անցնելու համար «Ես եմ...»ի բարեկամութեան: Մտաբերենք, թէ մեր Տէրը մեզ այսպիսի պատիւի արժանացուց, թէ՝ «այլեւս ձեզ ծառայ չեմ կոչեր, որովհետեւ ծառան չի գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընէ իր տէրը. այլ՝ ձեզ բարեկամ կոչեցի, որովհետեւ ինչ որ Հօրմէս լսեցի՝ ձեզի յայտնեցի» (Յհ 15.15): Մեզի կը մնայ ընտրել, գե՞րի մնալ «ես եմ...»ին՝ մեղքին, թէ՞ բարեկամ ըլլալ «Ես եմ...»ին՝ Քրիստոսին:

Առաջին օրուան մարտահրաւէր. Մեծ պահքի մեր առաջին օրուան մարտահրաւէրը պէտք է ըլլայ մեր «ես»ը հպատակեցնել «Ես»ին առաջ, որ կատարեալ ազատութիւն է: Այս հպատակութիւնը տարբեր է սովորական հպատակութիւններէն, որովհետեւ այս հպատակութեամբ մենք կեանք կ՚ունենանք եւ կատարեալ ազատութիւն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Փետրուար 28, 2022