«ԿՈՒՌՔԵՐ ՉՇԻՆԵՍ ՔԵԶԻ ՀԱՄԱՐ»

Մեծ Պահքի 9-րդ օրն է:

Երեմիայի մարգարէութեան 1-ին գլուխին 16-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Եւ պիտի յայտնեմ անոնց Իմ դատաստաններս՝ անոնց բոլոր չարութիւններուն համար. վասն զի անոնք զիս թողուցին, ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին, իրենց ձեռքերուն գործերուն երկրպագութիւն ըրին»:

Այս համարը կարդալով չե՛նք կրնար չմտաբերել Տասնաբանեայ պատուիրաններուն մէջ Տէր Աստուծոյ տուած հետեւեալ պատուիրանը. «Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկինքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի Ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը՝ որ կ՚ատեն զիս եւ կ՚ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը՝ որ կը սիրեն զիս ու Իմ պատուիրաններս կը պահեն» (Ելք 20.4-6):

Յստակ եւ պարզ է Աստուծոյ կատարած թելադրութիւնը՝ կուռքեր չշինել ու անոնց չերկրպագել. ինչո՞ւ. վասն զի Ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ, եւ ո՛չ միայն այսքան, այլ՝ Իրեն տրուելիք պատիւն ու մեծարանքը երբ ոեւէ մէկը ուրիշ բանի մը տայ կամ ընծայէ, ապա՝ այդ անօրէնութեան համար հատուցում պիտի առնեմ մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը…: Հետեւաբար, մարդ պէտք է զգոյշ մնայ կռապաշտութենէն, որպէսզի ինքզինք եւ իր սերունդները դատապարտութեան չմատնէ:

Երեմիային խօսելով Տէր Աստուած կ՚ըսէ, թէ՝ պիտի յայտնեմ անոնց Իմ դատաստաններս՝ անոնց բոլոր չարութիւններուն համար. հետեւաբար, եթէ մենք մեզ այս չարութեան՝ կռապաշտութեան մէջ կը տեսնենք, իսկ իրականութեան մէջ եթէ ուշադրութեամբ մենք մեզ քննենք, ապա հաստատ կերպով պիտի գիտակցինք, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իրեն համար կուռք մը ունի… մէկը՝ իր հեռախօսը, մէկ ուրիշը՝ համակարգիչը, ուրիշ մը՝ իր շպարն ու հագ ու կապը, ուրիշ մը՝ իր ինքնաշարժը, եւ շարքը կարելի է երկարել: Եթէ պահ մը քննենք, թէ ինչքան ժամանակ կը ծախսենք մեր սիրած բաներուն վրայ, իսկ ատոր դիմաց ինչքա՜ն դժգոհութեամբ շաբաթը մէկ անգամ եկեղեցի կ՚երթանք, որպէս թէ աղօթելու, կամ մոմ մը վառելու, այն ալ այնքան հապճեպ կերպով, որ կարծէք աշխարհի բոլոր գործերը մեր վրան ըլլան…

Պահեցողութեան այս ընթացքին փորձենք ձերբազատուիլ մենք մեզի համար ստեղծած կուռքերէն, աւելին՝ մենք մեզ կամաւորաբար այդ կուռքերուն գերին ըլլալէն հրաժարինք եւ վերադառնանք դէպի Աստուած, մեր աչքերը դարձնենք դէպի Աստուած, կառչինք Անոր, հաշտուինք Անոր հետ, մտերմանանք Անոր հետ, միայն զԻնք հռչակենք մեր կեանքերուն Տէր եւ Թագաւոր՝ ջարդ ու փուշուր ընելով ամէն տեսակի կուռքեր, որոնք մեր այս ընթացքին համար կրնան արգելք հանդիսանալ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

18 փետրուար 2023, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2023