ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄՇՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հիւրընկալմամբ, վերջին օրերուն Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու Եւրոպայի մշտական խորհրդաժողովի 3-րդ համագումարը։ Վիեննայի Ս. Հռիփսիմէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցան ժողովները՝ գլխաւորութեամբ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի։ Որպէս հիւրընկալ ներկայ էր նաեւ Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Սկանտինաւիոյ երկիրներու հայրապետական պատուիրակ Տ. Տիրան Եպսկ. Պետրոսեան։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւրոպայի թեմերէն այլ բազմաթիւ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ ալ մասնակցեցան աշխատանքներուն. օրինակ՝ Ռումանիոյ թեմակալ առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, Պալթեան երկիրներու թեմակալ առաջնորդ Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան, Ֆրանսայի թեմակալ առաջնորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան եւ Յունաստանի թեմակալ առաջնորդ Տ. Խորէն Վրդ. Առաքելեան։ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2023