Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՊՈՍԹՈՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմին մէջ կը գտնուի, շաբաթավերջին այցելեց Պոսթոն՝ օրհնութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի։ Հայր սուրբը Պոսթոնի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Գրիգոր Ծայրագոյն Վարդապետ Մագսուտեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Առաքել Քհնյ. Ալճանեան։ Թէ՛ տեղւոյն ծխական խորհուրդը եւ թէ Պոսթոնի շրջանի Պոլսահայ միութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին հայր սուրբը։

Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան տեղւոյն դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ասատուր Սրկ. Պալճեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ նաեւ Արեւագալի ժամերգութիւն։

Օրուան քարոզին մէջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան անդրադարձաւ Մեծ պահոց Արտաքսման կիրակիի խորհուրդին։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, հոգեւոր հայրերն ու հաւատացեալները համախմբուեցան եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Մեծ պահոց շրջանի յարիր հոգեճաշ եւ հիւրասիրութիւն։ Այս փուլին Այտա Եավշաեանի գլխաւորած Պոլսահայ միութեան ներկայացուցիչները անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի հետ։ Այս վերջինը պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի այժմու վիճակին շուրջ թարմ տեղեկութիւններ փոխանցեց անոնց։

Հրաժեշտ առնելէ առաջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան շնորհակալութիւն յայտնեց տեղւոյն հոգեւոր հովիւին, ծխական խորհուրդին եւ պոլսահայ շրջանակներուն, որոնք ջերմօրէն շրջապատած էին զինքը։ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2023