Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԵԱՒ Տ. ԵՂԻՇԷ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԿԻԶԻՐԵԱՆ

Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի եւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րի­ցա­գոյն հո­գե­ւո­րա­կա­նը՝ Տ. Ե­ղի­շէ Արք. Կի­զի­րեան ի Տէր հան­գեաւ Ուր­բաթ Մարտ 18, 2016, Է­մըր­սը­նի (Նիւ Ճըր­զի) Հայ­կա­կան հանգս­տեան տան մէջ: Ե­ղի­շէ Ար­քե­պիս­կո­պոս 91 տա­րե­կան էր:

 Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի դի­ւա­նին հա­մա­ձայն, Լու­սա­հո­գի Տ. Ե­ղի­շէ Արք. Կի­զի­րեա­նի տան կար­գը կա­տա­րուե­ցաւ Ե­րեք­շաբ­թի, Մար­տի 22-ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7.30-ին, իսկ վեր­ջին օ­ծու­մը, Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, Չո­րեք­շաբ­թի, Մար­տի 23-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11.00-ին՝ Ս. Վար­դան Մայր տա­ճա­րին մէջ:

Գլխա­ւո­րու­թեամբ Հայց. Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեա­նի եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ Տ. Օ­շա­կան Արք. Չո­լո­յեա­նի, Տ. Աբ­գար Եպսկ. Յո­վա­կի­մեա­նի, Նիւ Եորք քա­ղա­քի եւ շրջա­կայ­քի, նաեւ հե­ռա­ւոր շրջան­նե­րէն ե­կած մեծ թի­ւով ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու եւ հա­ւա­տաց­եալ­նե­րու:

Վեր­ջին օծ­ման Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Գա­նա­տա­յի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Աբ­գար Եպսկ. Յո­վա­կի­մեան: Ս. Սե­ղա­նին կը սպա­սար­կէին Ս. Ներ­սէս ըն­ծա­յա­րա­նի սա­ներ, եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց ներ­կայ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րէն կազ­մուած խումբ մը՝ դաշ­նա­մու­րի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Ս. Վար­դան Մայր տա­ճա­րի դպրաց դա­սու խմբա­վար Խո­րէն Մէյ­խա­նէ­ճեա­նի:

Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին հո­գե­լոյս Ե­ղի­շէ Ար­քե­պիս­կո­պո­սի դա­գա­ղը խո­րա­նին վրայ զե­տե­ղուե­ցաւ եւ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեան Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նով օ­ծեց ա­նոր ճա­կատն ու աջ ձեռ­քը: Ա­պա, պա­տա­րա­գիչ Սրբա­զան Հայ­րը կար­դաց Ա­մե­նայն Հա­յոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի ցա­ւակ­ցա­կան խօս­քը. ուր կ­ÿը­սուէր.

«Մեծ վիշտ է Մե­զի հա­մար Ա­ռա­քե­լա­կան մեր Սուրբ Ե­կե­ղե­ցւոյ վաս­տա­կա­շատ հո­գե­ւո­րա­կա­նի կո­րուս­տը: Այս դժուա­րին պա­հուն Մենք վերս­տին գնա­հա­տան­քով  կ՚անդ­րա­դառ­նանք մեր Սուրբ Ե­կե­ղե­ցւոյ ան­դաս­տա­նին մէջ Տի­րոջ հա­ւա­տա­րիմ սպա­սա­ւո­րի շուրջ եօթ տաս­նա­մեակ­ներ քա­հա­նա­յա­գոր­ծու­թեա­ն: Հո­գե­լոյս Ե­ղի­շէ Սրբա­զա­նը խո­նարհ ու նուի­րեալ հո­գե­ւո­րա­կան էր, որ առ Աս­տուած մեծ սի­րով ստանձ­նեց կու­սակ­րօն ե­կե­ղե­ցա­կա­նի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: Իր հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թեան ա­ռա­ջին շրջա­նին պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօն­ներ ստանձ­նե­լով Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան մօտ, այ­նու­հե­տեւ տա­րի­ներ շա­րու­նակ ԱՄՆ-ի Հա­յոց Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի հայ հա­մայնք­նե­րու ազ­գա­յին­-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քէն ներս հո­վուա­կան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լով՝ բա­րե­յի­շա­տակ Ե­ղի­շէ Ար­քե­պիս­կո­պոս Կի­զի­րեա­ն ար­դիւ­նա­զար­դեց տէ­րու­նա­պար­գեւ իր սպա­սա­ւո­րու­թիւ­նը: Ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ար­գա­սա­ւոր ե­ղաւ նաեւ Մեծն Բրի­տա­նիո­յ Հա­յոց Թե­մի ա­ռաջ­նոր­դի պաշ­տօ­նին ըն­թաց­քին, ինչ­պէս եւ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ գոր­ծակ­ցու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս»։­

Ա­ռաջ­նոր­դի Փո­խա­նորդ Տ. Սի­մէոն Ա­բե­ղայ Օ­տա­պա­շեան կար­դաց Ան­տիո­քի եւ հա­մայն Ա­րե­ւել­քի Պատ­րիարք Իգ­նա­տիոս Աֆ­րամ Բ.-ի ցա­ւակ­ցա­կան գի­րը, եւ Լոն­տո­նի Ս. Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Շնորհք Քհնյ. Պաղ­տա­սա­րեան՝ Անգ­լիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յո­վա­կիմ Եպսկ. Մա­նու­կեա­նի ցա­ւակ­ցա­կա­նը:

Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեան իր դամ­բա­նա­կա­նին մէջ ը­սաւ. «Այս պա­հուն երբ կանգ­նած ենք լու­սա­հո­գի Տ. Ե­ղի­շէ Արք. Կի­զի­րեա­նի դա­գա­ղին առ­ջեւ՝ կը յի­շենք Հին Կտա­կա­րա­նի Գ. Թա­գա­ւո­րաց գիր­քի 19-րդ գ­լու­խին մէջ ար­ձա­նագ­րուած Ե­ղի­սէի պատ­մու­թիւ­նը. ուր կը կար­դանք, որ Դա­մաս­կո­սի մէջ ապ­րող ե­րի­տա­սարդ մը ընտ­րուած է ըլ­լա­լու Տի­րոջ սպա­սա­ւո­րը: Տա­րի­քոտ մար­գա­րէ մը իր կրկնո­ցը կը դնէ ե­րի­տա­սար­դին ու­սե­րուն, երբ ան դաշ­տը կը հեր­կէր, եւ ան կը զգա, որ իր կեան­քի ու­ղին գտած է իր ըն­թաց­քը: Ան­մի­ջա­պէս իր ե­տին կը ձգէ տու­նը եւ ծննդա­վայ­րը եւ կը հե­տե­ւի Տի­րոջ ճամ­բուն: Սա­կայն մեկ­նե­լէ ա­ռաջ վեր­ջին պար­տա­կա­նու­թիւն մը կը կա­տա­րէ: Գրուած է, որ «ան կը կե­րակ­րէ ժո­ղո­վուր­դը»: Եւ ժո­ղո­վուր­դը կե­րակ­րե­լէ ետք՝ ճամ­բայ կ՚ել­լէ իր կո­չու­մին հե­տե­ւե­լու հա­մար:

«Այ­սօր, մեր վեր­ջին յար­գան­քը կը մա­տու­ցա­նենք տար­բեր սրբա­նու­նի մը՝ Ե­ղի­շէ Ար­քե­պիս­կո­պոս Կի­զի­րեան, ո­րուն ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը այս աշ­խար­հի մէջ վերջ գտաւ քա­նի մը օր ա­ռաջ:

«Ե­ղի­շէ Սրբա­զա­նի պատ­մու­թիւ­նը՝ պատ­մու­թիւնն է Տի­րոջ եւ ժո­ղո­վուր­դին նուի­րուած կեան­քի մը: Ան ծնած է Դա­մաս­կոս՝ հա­ւա­տա­ցեալ ծնող­քէ մը՝ Սար­գիս եւ Ազ­նիւ Կի­զի­րեան եւ մկրտուած է «Զա­ւէն» ա­նու­նով: Կի­զի­րեան ըն­տա­նի­քին մէջ Տի­րոջ ո­գին տի­րա­պե­տող էր, եւ Զա­ւէ­նի կո­չու­մը նկա­տե­լի էր փոքր տա­րի­քէն:

«Տաս­նը­հինգ տա­րե­կա­նին ան ըն­դու­նուած է Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի դպրե­վան­քը: Այն­տեղ է որ Տի­րոջ կո­չու­մը ա­ռա­ւել եւս զգա­ցած է: Կու­սակ­րօն քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րուե­լէ ետք ստա­ցած է «Ե­ղի­շէ» ա­նու­նը, իր ա­պա­գա­յին հա­մար խո­րի­մաստ եւ նշա­նա­կե­լի: Եւ այն­տեղ է որ սկիզբ ա­ռած է Տի­րոջ ծա­ռա­յե­լու իր կեան­քի ու­ղին:

«Որ­պէս ե­րի­տա­սարդ, ներշն­չուած է սրբա­շունչ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րէ, ինչ­պէս՝ Գա­րե­գին Կա­թո­ղի­կոս Յով­սէ­փեանց, Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեան եւ Տի­րան Արք, Ներ­սո­յեան: Իր ա­ռա­քե­լու­թեան ըն­թաց­քին այս­պի­սի նշա­նա­ւոր ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու օ­րի­նա­կին հե­տե­ւե­ցաւ, եւ իր կար­գին Ե­ղի­շէ Սրբա­զան իր հա­ւատ­քով, իր ա­ռա­քե­լու­թեան գի­տակ­ցու­թեամբ, հա­մես­տու­թեամբ եւ սի­րով ջա­նաց նմա­նիլ ա­նոնց:

«Ա­ռաջ­նորդ Տ. Տի­րան Արք. Ներ­սո­յեա­նի հրա­ւէ­րով՝ Հայր Ե­ղի­շէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ե­կաւ եւ Ա­րե­ւե­լեան Թե­մին մէջ բազ­մա­թիւ ծու­խե­րու մէջ որ­պէս հո­գե­ւոր հո­վիւ ծա­ռա­յե­լու հա­մար: Այս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ան միշտ պատ­նէ­շի վրայ մնաց որ­պէս ու­սու­ցիչ իր հօ­տին, ա­նոր հո­գե­ւոր ա­նօ­թու­թիւ­նը «կե­րակ­րե­լով», այս­պէ­սով հարս­տաց­նե­լով բազ­մա­թիւ մար­դոց կեան­քե­րը: Ան ծա­նօթ էր նաեւ իր ի­մաս­տա­լից քա­րոզ­նե­րով: Իր անձ­նա­կան կեան­քը օ­րի­նակ կը հան­դի­սա­նար այ­լոց: Իր մե­ծա­գոյն ու­ժը իր կա­րեկ­ցու­թիւնն էր այ­լոց հան­դէպ, ա­ռա­քի­նու­թիւն մը՝ որ զինք սի­րե­լի դար­ձու­ցած է ո՛ւր որ ծա­ռա­յած է:

«Եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Վազ­գէն Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի կող­մէ 1980-­ին ա­ռաջ­նորդ նշա­նա­կուած է Մեծն Բրի­տա­նիոյ Հա­յոց Թե­մին: Մօտ եր­կու տաս­նա­մեակ ան ծա­ռա­յած է Անգ­լիոյ թե­մին մէջ՝ ար­ժա­նա­նա­լով հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ան­վե­րա­պահ սի­րոյն: Ա­պա, 75 տա­րե­կա­նին խնդրած է հանգս­տեան կո­չուիլ, եւ վե­րա­դար­ձած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ:

«Սա­կայն հանգս­տեան կո­չուե­լէ ետք՝ Ե­ղի­շէ Ար­բա­զան շատ քիչ հան­գիստ ը­րած է: Ան շա­րու­նա­կած է իր հո­գե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մին մէջ, այ­ցե­լե­լով ծու­խեր, դա­սա­ւան­դե­լով Ս. Ներ­սէս ըն­ծա­յա­րա­նին մէջ, եւ ներշնչ­ման աղ­բիւր հան­դի­սա­նա­լով ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին, որ Ե­ղի­շէ Սրբա­զա­նին մէջ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­րո­յա­կան բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րը տե­սած է:

«Իս­կա­պէս, Ե­ղի­շէ Սրբա­զա­նի մօտ կը տես­նուի օ­րի­նա­կե­լի ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը մեր Տի­րոջ ա­ռա­ջին հե­տե­ւորդ­նե­րուն. ա­ռա­քեալ­ներ՝ ո­րոնք Քրիս­տո­սի լոյ­սով լու­սա­ւո­րե­ցին աշ­խար­հը, նե­րա­ռեալ մեր հայ­րե­նի­քը:

«Մեր Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը, ան­շուշտ Հայ Ե­կե­ղե­ցին ամ­բողջ, օրհ­նուած էր որ եր­կար տա­րի­ներ ա­նոր նման հո­գե­ւոր սպա­սա­ւոր մը ու­նե­ցած էր: Ե­ղի­շէ Սրբա­զա­նի վեր­ջին փա­փաքն էր ներ­կայ գտնուիլ Ս. Վար­դան Մայր տա­ճա­րին մէջ Ս. Զատ­կի ա­րա­րո­ղու­թեան եւ գտնուիլ իր սի­րե­լի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն հետ: Այժմ, ան Ս. Զա­տի­կը պի­տի դի­մա­ւո­րէ Տի­րոջ ձեռ­քե­րուն մէջ՝ մին­չեւ Աս­տու­ծոյ թա­գա­ւո­րու­թեան գա­լուս­տը»։­

Իր խօս­քի ա­ւար­տին՝ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը խո­նար­հե­լով համ­բու­րեց հան­գու­ցեալ Ե­ղի­շէ Սրբա­զա­նի օ­ծուած ճա­կատն ու աջ ձեռ­քը: Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեա­նի յա­ջոր­դե­ցին բո­լոր ե­կե­ղե­ցա­կան­ներն ու սար­կա­ւագ­նե­րը: Երբ դա­գա­ղը ե­կե­ղեց­ւոյ մի­ջանց­քին մէջ զե­տե­ղուե­ցաւ՝ բո­լոր ներ­կա­նե­րը խոր յար­գան­քով մօ­տե­ցան եւ ի­րենց կար­գին համ­բու­րե­ցին Ե­ղի­շէ Սրբա­զա­նի օ­ծեալ ճա­կատն ու աջ ձեռ­քը:

Ս. Պա­տա­րա­գի վեր­ջա­ւո­րու­թեան կա­տա­րուե­ցաւ մաս­նա­ւոր ա­ղօթք եւ ա­րա­րո­ղու­թիւն:

***

Հո­գե­լոյս Սրբա­զան Հօր մար­մի­նը ամ­փո­փուե­ցաւ Հարս­տէյլ Նիւ Եոր­քի Ֆերնք­լիֆ գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ: Հո­գե­ճա­շը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ո­ւայթ Փլէյնզ Նիւ Եոր­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ:

Տ. Ե­ղի­շէ Արք. Կի­զի­րեան մեծ նուի­րու­մով Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ծա­ռա­յած է մօտ եօ­թա­նա­սուն տա­րի: Վա­րած է հո­վուա­կան եւ պա­տաս­խա­նա­տու վար­չա­կան պաշ­տօն­ներ, մօտ քսան տա­րի ե­ղած է ա­ռաջ­նոր­դը Անգ­լիոյ Հա­յոց Թե­մին։ Իր ա­ռա­քե­լու­թեան խոր գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցող եւ մարդ­կա­յին ազ­նիւ նկա­րա­գրով օժ­տուած ե­կե­ղե­ցա­կան մը ե­ղած է՝ որ սի­րուած ու յար­գուած է անխ­տիր բո­լո­րին կող­մէ:

Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեա­նի հրա­հան­գով, Կի­րա­կի, Մա­յի­սի 1-ին, թե­մի բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ մաս­նա­ւոր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն պի­տի կա­տա­րուի՝ լու­սա­հո­գի Տ. Ե­ղի­շէ Արք. Կի­զի­րեա­նի հո­գիի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։

ԿԵՆ­ՍԱԳ­ՐԱ­ԿԱՆ

Տ. Ե­ղի­շէ Արք. Կի­զի­րեա­ն (ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով՝ Զա­ւէն) ծնած է 1925 թուա­կա­նի Յու­լիս 15-ին, Դա­մաս­կոս, ծնող­նե­րը՝ Սար­գիս եւ Ազ­նիւ Կի­զի­րեան: Նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցած է տեղ­ւոյն Ազ­գա­յին Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նին մէջ: Փոքր տա­րի­քէն ան­դա­մակ­ցած է ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սուն:

1940­-ին՝ Դա­մաս­կո­սի Կա­թո­ղի­կո­սա­կան Փո­խա­նորդ Տ. Եփ­րեմ Արք. Տոհ­մու­նիի միջ­նոր­դու­թեամբ ըն­դու­նուած է Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան դպրե­վան­քը:

1944 Յու­լիս 11-ին, ձե­ռամբ Տ. Եփ­րեմ Արք. Տոհ­մու­նիի, ձեռ­նադ­րուած է սար­կա­ւագ:

1947 Մա­յիս 25-ին՝ ա­ւար­տե­լով դպրե­վան­քի ու­սում­նա­ռու­թեան եօ­թնա­մեայ շրջա­նը, ձե­ռամբ Դպրե­վան­քի վե­րա­տե­սուչ Տ. Դե­րե­նիկ Եպսկ. Փո­լա­տեա­նի, ձեռ­նադ­րուած է կու­սակ­րօն քա­հա­նայ՝ վե­րա­կո­չուե­լով Տէր Ե­ղի­շէ Ա­բե­ղայ:

1947-51-ին դա­սա­ւան­դած է դպրե­վան­քին եւ տեղ­ւոյն Մես­րո­պեան նա­խակր­թա­րա­նին մէջ՝ միա­ժա­մա­նակ վա­րե­լով կարգ մը վար­չա­կան պաշ­տօն­ներ:

1951­-ին՝ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Ա. Յով­սէ­փեան­ցի ար­տօ­նու­թեամբ եւ Ա­մե­րի­կա­յի Հա­յոց Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Տի­րան Արք. Ներ­սո­յեա­նի հրա­ւէ­րով՝ հո­վուա­կան ծա­ռա­յու­թեան պաշ­տօ­նով ե­կած է Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ:

1951-81-ին՝ հո­վուա­կան պաշ­տօն­ներ վա­րած է Հայց. Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի հե­տե­ւեալ ծու­խե­րուն մէջ. Նիւ Եորք քա­ղա­քի Ս. Խաչ ե­կե­ղե­ցի, Ըր­վինկ­թըն Նիւ Ճըր­զիի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցի, Մա­յա­մի Ֆլո­րի­տա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղե­ցի, Ուստր Մաս­սա­չու­սէ­ցի Ս. Փրկիչ ե­կե­ղե­ցի, Սաութ­ֆիլտ Մի­շի­կը­նի Ս. Յով­հան­նէս Մկրտիչ ե­կե­ղե­ցի, Ո­ւին­վուտ Ֆի­լա­տել­ֆիոյ Ս. Սա­հակ եւ Ս. Մես­րոպ ե­կե­ղե­ցի, Քէյմպ­րիճ Մաս­սա­չու­սէ­ցի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղե­ցի եւ կարճ ժա­մա­նա­կով Թո­րոն­թօ Գա­նա­տա­յի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղե­ցի: Ա­ռաջ­նորդ Տ. Թոր­գոմ Արք. Մա­նու­կեա­նի կող­մէ մէկ տա­րի վա­րած է ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Ս. Վար­դան Մայր տա­ճա­րի լու­սա­րա­րա­պե­տի պաշ­տօ­նը:

1958 Ապ­րի­լին ստա­ցած է մաս­նա­ւոր վար­դա­պե­տու­թեան աս­տի­ճան՝ ձե­ռամբ Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Մամբ­րէ Արք. Գալ­ֆա­յեա­նի:

1966­-ին ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տու­թեան աս­տի­ճան ստա­ցած է՝ ձե­ռամբ Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Սիոն Արք. Մա­նու­կեա­նի:

1963-65-ին ստանձ­նած է Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի ա­ռաջ­նոր­դի փո­խա­նոր­դի պաշ­տօ­նը, եւ վա­րած է «Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղե­ցի» պաշ­տօ­նա­թեր­թի խմբագ­րու­թիւ­նը եւ թե­մի կի­րակ­նօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րու տես­չու­թիւ­նը: Հո­վուա­կան պաշ­տօն­նե­րուն ա­ռըն­թեր, աշ­խա­տակ­ցած է Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Հայ Ե­կե­ղե­ցոյ Ե­րի­տա­սար­դաց կազ­մա­կեր­պու­թեան «Ար­մի­նեըն Կար­տիըն» ամ­սա­թեր­թին:

1961-68-ին՝ ան­դա­մակ­ցած է Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Դպրաց դա­սե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան՝ որ­պէս խորհր­դա­կան եւ ա­տե­նա­պետ, ինչ­պէս նաեւ 1963-67 տա­րի­նե­րուն՝ Թե­մա­կան խոր­հուր­դին:

1982 Փետ­րուար 14-ին՝ ձե­ռամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազ­գէն Ա.-ի, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ձեռ­նադ­րուած է ե­պիս­կո­պոս:

1982 Ապ­րի­լին նշա­նա­կուած է Մեծն Բրի­տա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի ա­ռաջ­նորդ:

1993 Յու­նուա­րին՝ Վազ­գէն Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կող­մէ ար­ժա­նա­ցած է ար­քու­թեան տիտ­ղո­սին:

Անգ­լիոյ մէջ, որ­պէս ա­ռաջ­նորդ եւ հայ­րա­պե­տա­կան պա­տուի­րակ, Հայ Ե­կե­ղե­ցին ներ­կա­յա­ցու­ցած է Քեն­թըր­պը­րիի Ար­քե­պիս­կո­պո­սու­թեան մօտ, մաս­նակ­ցած է մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղով­նե­րու եւ հա­ւաք­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ Անկ­լի­քան Ե­կե­ղեց­ւոյ Լամ­պեր­թի ժո­ղո­վին: Տաս­ներ­կու տա­րի նա­խա­գա­հած է Անգ­լիոյ Ա­րե­ւե­լեան Ուղ­ղա­փառ Հայ, Ղպտի, Ա­սո­րի, Ե­թով­պա­կան եւ Հնդիկ Մա­լա­պար Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու խոր­հուր­դին:

2000 թուա­կա­նի Հոկ­տեմ­բե­րին, ա­ռող­ջա­կան պատ­ճառ­նե­րով՝ հրա­ժա­րած է Մեծն Բրի­տա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի ա­ռաջ­նոր­դի պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րէն, հանգս­տեան կո­չուած եւ վե­րա­դար­ձած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ա­րե­ւե­լեան Թե­մը:

Երկուշաբթի, Մարտ 28, 2016