ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՄԱՐՄԻՆԸ

Մեծ Պահքի 37-րդ օրն է:

Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակին 12-րդ գլուխին 27-րդ համարին մէջ այսպէս կը գրէ. «Արդ, դուք թէպէտ առանձին-առանձին անդամներ էք, բայց միասնաբար կը կազմէք Քրիստոսի մարմինը»:

Առաքեալին այս հաստատումը բացարձակ ճշմարտութիւն է, որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալ պարտաւոր է իմանալ, եւ ըստ այնմ ապրիլ իր կեանքը:

Նոյն գլուխին մէջ առաքեալը այսպէս կը գրէ. «Ինչպէս մարմինը իր զանազան անդամներով մէկ ամբողջութիւն է, այսինքն՝ բոլոր անդամները միասին մէկ մարմին կը կազմեն, նոյնպէս է նաեւ Քրիստոս: Որովհետեւ մենք բոլորս՝ հրեայ թէ հեթանոս, ծառայ թէ ազատ, նոյն Հոգիով մկրտուեցանք՝ մէկ մարմին կազմելու համար, եւ ամէնքս ալ նոյն Հոգիէն խմեցինք: Մարմին ըսելով՝ անդամներէն միայն մէկը չենք հասկնար, այլ անդամներուն ամբողջութիւնը» (Ա. Կր 12.12-14). եւ՝ «…յստակ է ուրեմն, թէ բազմաթիւ են անդամները, բայց մարմինը մէկ է: Աչքը չի կրնար ձեռքին ըսել՝ “քեզի պէտք չունիմ”: Ո՛չ ալ գլուխը ոտքերուն՝ թէ “ձեզի պէտք չունիմ”: Ընդհակառակը, մարմինին ամենէն տկար կարծուած անդամները ամենէն կարեւորներն են…» (Ա. Կր 12.20-22):

Մկրտութեան Աւազանին միջոցով հաւատացեալները մէկ մարմինի անդամները կը դառնան, դառնալով ամբողջութիւն մը: Իւրաքանչիւր անդամ իր կարեւորութիւնը եւ դերակատարութիւնը ունի եւ պէտք է ունենայ այդ մարմինին մէջ, տկարի ու զօրաւորի հարց պէտք չէ ըլլայ, անարգի կամ պատուաւորի, ինչի մասին առաքեալը կը գրէ, թէ ամենէն տկար կարծուած անդամները ամենէն կարեւորներն են…, որովհետեւ Աստուծոյ աչքին տկար ու զօրաւոր չկայ, այլ՝ Աստուած բոլորին նոյն աչքով կը նայի, Աստուծոյ համար բոլորը հաւասար են: Քրիստոս Իր արիւնը այս կամ այն մարդուն համար չթափեց Խաչին վրայ, այլ՝ բոլոր մարդկութեան համար անխտիր:

Ըսինք, թէ հաւատացեաները Սուրբ Մկրտութեամբ մէկ մարմինի անդամները կը դառնան: Այդ մարմինը Քրիստոսի մարմինն է: Այդ մարմինին գլուխը Տէր Յիսուս Ի՛նք է: Նշեցինք նաեւ, թէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալ դերակատարութիւն պէտք է ունենայ այդ մարմինին մէջ: Սակայն, որպէսզի անհատը կարենայ դերակատարութիւն ունենալ, առաջին հերթին պէտք է այդ մարմինին Գլուխը՝ զՔրիստոս ճանչնայ, հաղորդուի Անոր հետ, ըմբռնէ Անոր վարդապետութիւնը, որպէսզի կարենայ ընտիր մշակ մը դառնալ Անոր անդաստանին՝ մարմինին մէջ: Առանց զՔրիստոս լաւապէս ճանչնալուն կարելի չէ Անոր մարմինին լիիրաւ անդամը դառնալ: Հետեւաբար, մեր առաջին պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ զՔրիստոս ճանչնալ, ճանչնալէ ետք ընդունիլ որպէս Տէր ու Փրկիչ, ընդունելէ ետք Անով ապրիլ ու գործել, որպէսզի Իր վկաները ըլլանք մեր պանդխտութեան տարիներուն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

20 մարտ 2023, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023