ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողով։ Նիստի աւարտին ԳՀԽ հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած այս յայտարարութիւնը հերթականն է՝ պայմանաւորուած Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապով եւ անվտանգային ծանր իրավիճակով։
*
Երկրին մէջ ստեղծուած ճգնաժամի խորացման պատճառով այս օրերուն իրենց խաղաղ բողոքը արտայայտող քաղաքացիներու դէմ ոստիկանները կը կիրառեն ակնյայտ անհամաչափ ուժ՝ բռնութիւններու դատապարտելի դրսեւորումներով։ Հասարակական կարգի պահպանութեան կոչուած ծառայողներու նմանօրինակ գործողութիւնները կը խորացնեն հասարակական ներքին լարուածութիւնը եւ կրնան յանգեցնել անկանխատեսելի հետեւանքներու։
Մեր կոչն է ոստիկաններուն՝ պարտականութիւններու կատարման ընթացքին յարգել հայրենակիցներու հիմնարար իրաւունքները, ազատութիւնները, պատիւն ու արժանապատուութիւնը եւ գործել միմիայն մարդասիրութեան եւ օրինականութեան սկզբունքներու խստագոյն պահպանութեամբ։
Մեր յորդորն է նաեւ հանրային գործողութիւններու մասնակիցներուն՝ արտայայտել իրենց բողոքը բացառապէս օրէնքի շրջանակներուն մէջ, առաջնորդուիլ զգօնութեամբ եւ չտրուիլ հաւանական սադրանքներու։
Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակներուն եւ մեր բոլոր հայրենակիցներուն կը պատգամենք՝ այս բարդ իրադրութեան մէջ դրսեւորել պատասխանատուութիւն եւ ամենայն ջանք գործադրել՝ ի խնդիր հայրենիքի առջեւ ծառացած գոյաբանական մարտահրաւէրներու յաղթահարման, հայոց պետականութեան անխաթար պահպանութեան եւ ամրապնդման։
Թող Ամենազօր Աստուած օրհնէ մեր հայրենիքը եւ խաղաղութիւն պարգեւէ անոր, համերաշխութիւն եւ յուսառատ կեանք՝ մեր ժողովուրդին։
*
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը այսօր պատգամ մըն ալ հրապարակեց 28 Մայիսի առթիւ, երբ Հայաստանի մէջ կը նշուի Հանրապետութեան տօնը։ «Այս օրերուն, երբ անվտանգային սպառնալիքներու եւ գոյաբանական հիմնախնդիրներու դէմ յանդիման ենք, հրամայական է, որ միասնական, աննկուն ու հաստատակամ ըլլանք՝ ընդդէմ այն մարտահրաւէրներուն, որոնք մեր կեանքը կը փոթորկեն», նշած է Նորին Սրբութիւնը։ Ան կոչ ուղղած է, որպէսզի յանուն հայրենական կեանքէ ներս խաղաղութեան հաստատման եւ արժանապատիւ գոյընթացի, նպատակասլաց յանձնառութեամբ եւ հայրենիքի նկատմամբ սիրով բոլորը ձեռնամուխ ըլլան պատուհասած աղէտներու եւ փորձութիւններու յաղթահարման եւ հզօր ու անվտանգ պետութեան կերտման։ «Վանենք մեզմէ կործանարար անտարբերութիւնը, փարատենք թշնամութեան ու ատելութեան մթնոլորտը, որպէսզի միասնականութեան յուսառատ ու զօրեղ ոգիով հաստատենք մեր կեանքէն ներս ապահովութիւն ու խաղաղութիւն», շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։
Եկեղեցական
- 11/27/2024