Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՔԱՌՈՐԴ ԴԱՐԸ ԲՈԼՈՐԵՑ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱԹՈՌԻՆ ՎՐԱՅ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձը երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը նշուեցաւ Անթիլիասի մէջ։ Այսպէս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք, որու ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի քաջառողջութեան, երկար ու բեղուն գահակալութեան, ինչպէս նաեւ Կիլիկեան Աթոռի պայծառութեան համար։ Հարկ է նշել, որ Նորին Սրբութիւնը արդէն քառորդ դարը բոլորած է Կիլիկեան Աթոռի վրայ։ Ան գահակալութեան 26-րդ տարեդարձին առթիւ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ միաբանութեան եւ հաւատացեալներուն կողմէ։

Օրուան պատարագիչն էր Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան, որ նշեց, թէ Կիլիկեան Աթոռի վերջին 26 տարիներու պատմութիւնը բնորոշուած է Արամ Ա. Կաթողիկոսով։ Պատարագիչ հայր սուրբը այս առթիւ ըսաւ.

«Վերջին 26 տարիներուն ինչե՜ր չէ ըրած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Միջկրօնական գետնի վրայ ո՛չ թէ միայն մասնակցեցաւ ու խօսեցաւ այլ կրօններու հետ հաշտ համակեցութեան եւ համագոյակցութեան մասին, այլեւ Միջին Արեւելքի մէջ լաւագոյն օրինակը հանիսացաւ հանդուրժողութեան, հասկացողութեան եւ երկխօսութեան: Միջեկեղեցական յարաբերութեանց մէջ չբաւարարուեցաւ միայն նախագահելով, ատենապետելով եւ կամ սոսկ ժողովներու մասնակցելով, այլեւ ռահվիրան հանդիսացաւ եկեղեցիներու միութեան գաղափարին եւ անոնց միջեւ հաշտութեան կամուրջ հանդիսացաւ: Ինչե՜ր չէ ըրած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Համահայկական գետնի վրայ խօսքով ու գործով զօրակցած եւ դիմագրաւած է սփիւռքեան ամէն տեսակի մարտահրաւէր եւ խոչընդոտ: Հայաստանի ու Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն նեցուկ կանգնած է՝ համահայկական զօրակցութեան կոչեր ուղղելով եւ անձամբ գետնի վրայ ներկայ ըլլալով ու զօրավիգ կանգնելով անոնց»։

Սփիւռքի մէջ, ըստ քարոզիչ հայր սուրբին, Կիլիկեան Աթոռը եկեղեցիներու եւ ազգային վարժարաններու ճամբով հայ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան եւ լեզուական ու մշակութային գոյատեւման պայքար մղած է: «Դարձեալ հարց կու տամ, ինչե՜ր չէ ըրած այս Ս. Աթոռը: Հայ դատի եւ պահանջատիրութեան մշտավառ ջահ մը եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ օրինական եւ դատական գետնի վրայ: Տակաւին ուրիշ շա՜տ մարզերու մէջ գործօն դերակատարութիւն ունեցաւ մեր Ս. Աթոռը՝ կրօնական, մշակութային եւ հայապահպան իր առաքելութեամբ», աւելցուց ան, եւ ընդգծեց, որ այս բոլորը, բնականաբար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կատարուած է շնորհիւ իր ազգընտիր ու արժանընտիր գահակալին՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ նախ ի՛նք հաւատաց այս բոլորին ու ապա Աթոռի ուժը կեդրոնացուց ճիւղաւորեալ յիշեալ բոլոր եւ այլ մարզերուն մէջ:

Երկուշաբթի, Յունիս 28, 2021