ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Սուրիոյ նորանշանակ դեսպան Նորա Արիսեանը։ Զրոյցի ընթացքին Նորա Արիսեան Վեհափառ Հայրապետի նկատառման յանձնեց այն դժուարութիւնները, որոնք Սուրիոյ ներքին պատերազմին հետեւանքով հայ համայնքի առջեւ ծառացած են։ Ան յայտնեց, որ Դամասկոսի իշխանութիւնները ամէն ջանք կը գործադրեն՝ հայ համայնքի կացութիւնը բարելաւելու համար։

Նորին Սրբութիւնը դեսպան Արիսեանին մաղթեց արդիւնաւէտ գործունէութիւն՝ Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւններու զօրացման համար։

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2022