ՅՈՐԴՈՐ ՆՈՐԱՕԾ ՔԱՀԱՆԱՅԻՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ իր օրհնութիւնը տուաւ նորաօծ Տ. Վահրիճ Քհնյ. Պաղտասարեանին։ Այս վերջինը Վարդավառի տօնի օրը Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ քահանայ ձեռնադրուած էր Ապարանի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Նորապսակ քահանայ հայրը, որ իր ապաշխարութեան շրջանը կ՚անցընէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախընթաց օր արժանացաւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց նորաօծ քահանան՝ հայցելով Նորին Սրբութեան օրհնութիւնն ու հայրական պատգամը։
Շնորհաւորելով երիտասարդ եկեղեցականը ձեռնադրութեան առթիւ՝ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց խոնարհութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ, նուիրումով եւ ամենայն յանձնառութեամբ շարունակել ծառայութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալ ժողովուրդին համար։
Քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանի աւարտին Տ. Վահրիճ Քհնյ. Պաղտասարեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն պիտի մեկնի Գերմանիոյ Հայոց Թեմը, ուր պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնը։