ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՌՈՆ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ե­րէկ նշեց Վա­րա­գայ Սուրբ Խա­չի տօ­նը, ինչ որ բնո­րո­շուե­ցաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան մե­ծա­հան­դէս ա­րա­րո­ղու­թեամբ։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին՝ Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին բարձր նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ա­ռա­ւօ­տուն Մայր Տա­ճա­րի մէջ պա­տա­րա­գեց Տ. Վար­դան Եպսկ. Խա­չատ­րեան։ Յետ­մի­ջօ­րէին Մայ­րա­վան­քի Ս. Տրդատ Գ. Ար­քա­յի բաց խո­րա­նին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Մայր Տա­ճա­րի զան­գակ­նե­րու զուարթ ղօ­ղան­ջին ներ­քեւ հայ­րա­պե­տա­կան ծան­րա­շուք թա­փօ­րը Վե­հա­րա­նէն ուղ­ղուե­ցաւ դէ­պի բաց խո­րան։ Հայ­րա­պե­տա­կան լրիւ հան­դեր­ձան­քի մէջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ամպ­հո­վա­նիով ա­ռաջ­նոր­դուե­ցաւ Ս. Խո­րան, ո­րու կեդ­րո­նը զե­տե­ղուած էր Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի կաթ­սան։ «Խոր­հուրդ խո­րին» եւ «Ու­րախ լեր» շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը ե­կաւ բնո­րո­շել ա­րա­րո­ղու­թեան սկիզ­բը։ Ծո­վա­ծա­ւալ բազ­մու­թիւն մը հա­ւա­քուած էր Մայ­րա­վան­քի հա­մա­լի­րէն ներս։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի կող­քին էին Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տ. Մու­շեղ Արք. Մար­տի­րո­սեան, Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեան, Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ա­րա­րո­ղա­կար­գա­յին բաժ­նի վա­րիչ Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան, Ա­րա­րա­տեան Հայ­րա­պե­տա­կան Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Փո­խա­նորդ Տ. Նա­ւա­սարդ Արք. Կճո­յեան, Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեան, Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան, Ար­ցա­խի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Պար­գեւ Արք. Մար­տի­րո­սեան, Գու­գա­րաց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Սե­պուհ Արք. Չուլ­ճեան, Ռու­սաս­տա­նի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Եզ­րաս Արք. Ներ­սի­սեան, Հա­րա­ւա­յին Ռու­սաս­տա­նի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Մով­սէս Եպսկ. Մով­սի­սեան եւ Մայր Ա­թո­ռի միա­բան­ներ Տ. Փա­ռէն Արք. Ա­ւե­տի­քեան։ Նո­րին Սրբու­թեան փէ­շա­կիր­ներն էին Տ. Մու­շեղ Եպսկ. Պա­պա­յեան եւ Տ. Տա­թեւ Եպսկ. Յա­կո­բեան։ Թա­փօ­րին միա­ցած էր նաեւ Տ. Շա­հան Արք. Սար­գի­սեան, որ կը կրէր Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան մէջ օրհնուած Միւ­ռո­նը։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեան եւս մաս կազ­մեց թա­փօ­րին, օ­րուան քա­ւո­րին՝ Հայկ Թի­թի­զեա­նի հետ։ Մայր Ա­թո­ռի մօտ ի պահ դրուած սրբու­թիւն­ներն ի ձե­ռին լրիւ հան­դեր­ձան­քով թա­փօ­րին միա­ցած էին նաեւ Տ. Բագ­րատ Եպսկ. Գալս­տա­նեան, Տ. Ար­տակ Եպսկ. Տիգ­րա­նեան, Տ. Աբ­գար Եպսկ. Յո­վա­կի­մեան եւ Տ. Նա­րեկ Եպսկ. Պէրպէրեան։ Կա­նո­նա­կան ա­ղօթք­նե­րու եւ Ս. Գրոց ըն­թեր­ցում­նե­րէն վերջ, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու յու­զում­նա­լի հա­յեաց­քին առ­ջեւ բա­ցուե­ցաւ Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի կաթ­սա­յին կա­փա­րի­չը։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Սուրբ իւ­ղին մէջ խառ­նեց ծաղ­կանց նիւ­թը, բա­լա­սա­նը եւ հին Միւ­ռո­նը։ Ի նշան Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ միու­թեան՝ կաթ­սա­յին մէջ խառնուե­ցաւ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռին մէջ օ­ծուած Միւ­ռո­նը։ Հո­գեզ­մայլ շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեամբ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նը օրհ­նեց Կե­նաց Փայ­տի մա­սուն­քով, Ս. Գե­ղար­դով եւ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի Ա­ջով։

Երբ հրճուան­քը հա­սած էր գա­գաթ­նա­կէ­տին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը տուաւ իր պատ­գա­մը՝ հա­մայն հա­յու­թեան։ Նո­րին Սրբու­թեան ե­րէ­կուան քա­րո­զը պի­տի ներ­կա­յաց­նենք մեր վա­ղուան թի­ւով։

Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի ար­ձակ­ման ա­ղօթ­քէն վերջ եր­գուե­ցաւ «Էջ Միա­ծինն ի Հօ­րէ» շա­րա­կա­նը եւ Հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թան­քը։ Մինչ հա­զա­րա­ւոր ուխ­տա­ւոր­ներ ի­րենց խո­նար­հու­մը բե­րին Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի կաթ­սա­յին առ­ջեւ։

Ե­րէ­կուան պատ­մա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի, ո­րու կող­քին էր նաեւ Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սար-գը­սեան։ Քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն ա­ռըն­թեր Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­պիս­կո­պո­սաց դա­սուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը եւ Մայր Ա­թո­ռի միա­բա­նու­թիւ­նը ներ­կայ գտնուե­ցան Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան։ Սփիւռ­քեան յա­ռա­ջա­տար գոր­ծիչ­նե­րու մեծ փա­ղանգ մըն ալ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին փու­թա­ցած էր Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան առ­թիւ։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին հե­ռուս­տա­կա­յա­նը ու­ղիղ ե­թե­րով սփռեց ամ­բողջ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րու շնոր­հիւ հա­մայն հա­յու­թիւ­նը աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցաւ հա­ղորդ դառ­նա­լու վե­հա­խոր­հուրդ ա­րա­րո­ղու­թեան։

Միւ­ռո­նօրհ­նու­թե­նէն վերջ սար­քուե­ցաւ նաեւ պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ մը, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին նա­խա­գա­հու­թեամբ։

Իսկ այս ա­ռա­ւօտ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին գլխա­ւո­րու­թեամբ Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան մաս­նա­կից մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան հիւ­րե­րը այ­ցե­լե­ցին Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն։ Հարկ է նշել, որ վեր­ջին օ­րե­րուն Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին նա­խա­գա­հու­թեամբ է­քիւ­մե­նիք ա­ղօթք մըն ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2015