ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ Ա­ՌԱՋ­ՆՈՐ­ԴԱ­ՆԻՍՏ ՍՐԲՈՑ ՂԵ­ՒՈՆ­ԴԵԱՆՑ ՄԱՅՐ ՏԱ­ՃԱ­ՐԻ ՕԾ­ՄԱՆ ՏԱ­ՐԵ­ԴԱՐ­ՁԸ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմտեան Թե­մէն ներս վեր­ջերս նշուե­ցաւ Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց մայր տա­ճա­րի օծ­ման վե­ցե­րորդ տա­րե­դար­ձը, ինչ­պէս նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Գա­րե­գին Բ. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կող­մէ շնոր­հուած շքան­շան­նե­րու տու­չու­թիւ­նը։ Այս­պէս, Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան յանձ­նեց բա­րե­րար­նե­րուն շքան­շան­նե­րը։ Ա­րեւմ­տեան Թե­մի դի­ւա­նէն ստա­ցանք հե­տե­ւեալ հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը, զոր կը հրա­տա­րա­կենք ստո­րեւ։

Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նա­ցոյ­ցին հա­մա­ձայն, Խաչ­վե­րա­ցի տօ­նը, որ տա­րուան վեր­ջին տա­ղա­ւար տօնն է, նշուե­ցաւ Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց մայր տա­ճա­րին մէջ: Օ­րուան պա­տա­րա­գիչն ու քա­րո­զիչն էր Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեան:

Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին ծու­խի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Խա­ժակ Քհնյ. Շահ­պա­զեան եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն նոր ժա­մա­նած՝ Տ. Ե­րե­միա Ա­բե­ղայ Աբ­գա­րեան: Իսկ դպրաց դա­սի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նու ներ­դաշ­նակ կեր­պով կա­տա­րեց Խա­չա­տու­րեան երգ­չա­խում­բը՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ստե­փան Սրկ. Կէօ­զիւ­մեա­նի: Ս. Պա­տա­րա­գին հրա­ւի­րուած էին Մայր Տա­ճա­րի Կնքա­հա­յեր, բա­րե­րար­ներ, Թե­մա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: Թե­մա­կան խոր­հուր­դը կը ներ­կա­յաց­նէր ա­տե­նա­պետ, ի­րա­ւա­բան Ժո­զէֆ Կա­նի­մեան, ինչ­պէս նաեւ ներ­կայ էր Լոս Ան­ճե­լը­սի մօտ Հա­յաս­տա­նի գլխա­ւոր հիւ­պա­տոս Սէր­կէյ Սար­գի­սո­վ:

«Հայր մեր»էն ա­ռաջ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան, մաս­նակ­ցու­թեամբ Տ. Ե­րե­միա Ա­բե­ղայ Աբ­գա­րեա­նի, Տ. Սի­փան Ա. Քհնյ. Մխսեա­նի եւ Մայր տա­ճա­րի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Խա­ժակ Քհնյ. Շահ­պա­զեա­նի, հան­դի­սա­պե­տեց Խաչ­վե­րա­ցի ա­ւան­դա­կան ան­դաս­տա­նի ա­րա­րո­ղու­թեան, ո­րու ա­ւար­տին, Տ. Խա­ժակ Քհնյ. Շահ­պա­զեան՝ սար­կա­ւագ­նե­րու եւ դպիր­նե­րու թա­փօ­րով մկրտու­թեան սուրբ ա­ւա­զա­նի մօ­տէն ափ­սէին մէջ դրուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին Սրբա­տառ Կոն­դա­կը ա­ռաջ­նոր­դեց դէ­պի Ս. Խո­րան, մինչ երգ­չա­խում­բը կ­­՚եր­գէր «Ու­րախ լեր» շա­րա­կա­նը:

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր բա­րե­խօ­սու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը «Սուրբ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի» պա­տուոյ շքան­շա­նով պար­գե­ւատ­րած էր Դե­ւան Ա­րուս­թա­մեա­նը:

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր հրա­ւէ­րով Ա­րուս­թա­մեան դա­սուն մէջ մօ­տե­ցաւ Ս. Խո­րա­նի­ն: Իսկ Տ. Խա­ժակ Քհնյ. Շահ­պա­զեան ըն­թեր­ցեց Նո­րին Սրբու­թեան Սրբա­տառ Կոն­դա­կը: Ա­պա Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը կա­տա­րեց «Սուրբ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի» պա­տուոյ շքան­շա­նին պար­գե­ւատ­րու­մը: Սրբա­զան Հայ­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ Նո­րին Սուրբ Օ­ծու­թեան յղած կոն­դա­կի բո­վան­դա­կու­թեան, ա­պա ի սրտէ շնոր­հա­ւո­րեց Ա­րուս­թա­մեա­նը՝ ի նպաստ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի կա­տա­րած իր անձ­նուէր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը եւ օրհ­նեց զինք ու ըն­տա­նի­քը:

Սրբա­զան Հօր հրա­ւէ­րով դա­սուն մէջ Ս. Խո­րա­նին մօ­տե­ցաւ Լոս Ան­ճե­լըս գա­ւա­ռի Վե­րա­կա­ցու­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ Մայ­քըլ Ան­թո­նո­վիչ: Սրբա­զան Հայ­րը անդ­րա­դար­ձաւ 1980 թուա­կա­նէն սկսեալ Լոս Ան­ճե­լըս գա­ւա­ռի բնակ­չու­թեան իր մա­տու­ցած նուի­րեալ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն եւ որ­պէս բա­րե­կամ հայ հա­մայն­քին՝ իր կա­տա­րած օգ­տա­կար ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն: Սրբա­զան Հայ­րը նշեց, որ Ան­թո­նո­վիչ վեց տա­րի ա­ռաջ ներ­կայ գտնուած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի կող­մէ կա­տա­րուած Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց մայր տա­ճա­րի օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան, ինչ­պէս նաեւ մաս­նակ­ցած էր Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի կող­մէ գոր­ծադ­րուած կարգ մը մեծ ձեռ­նարկ­նե­րուն: Պար­գե­ւատ­րու­մը կա­տա­րեց եւ ա­պա անդ­րա­դար­ձաւ Ան­թո­նո­վի­չի ու­նե­ցած խոր հա­ւատ­քին եւ կա­տա­րած մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւն­նե­րուն: Շնոր­հա­ւո­րեց զինք եւ իր տի­կի­նը եւ յա­րա­տեւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ի­րեն:

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ հա­ղոր­դեց, որ այ­սօր պաշ­տօ­նա­պէս կը նշուէր Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց մայր տա­ճա­րի օծ­ման վե­ցե­րորդ տա­րե­դար­ձը: Ա­պա իր քա­րո­զին մէջ նախ անդ­րա­դար­ձաւ Խաչ­վե­րա­ցի հա­կիրճ պատ­մա­կա­նին: 614 թուին պար­սիկ­նե­րը յար­ձա­կե­ցան Ե­րու­սա­ղէ­մի վրայ, կոր­ծա­նե­ցին քրիս­տո­նէա­կան սրբա­վայ­րեր եւ ե­կե­ղե­ցի­ներ, ո­րոնց մէջ կա­յին նաեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան պատ­կա­նող վան­քեր եւ ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ որ­պէս ա­նար­գանք քրիս­տո­նեա­նե­րուն, Քրիս­տո­սի Խա­չա­փայ­տը ի­րենց հետ Պարս­կաս­տան տա­րին: Սա­կայն 628-ին յոյ­նե­րուն բա­նա­կը՝ հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ Հե­րակլ կայ­սեր եւ հա­յոց բա­նա­կը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Մժեժ Գնու­նիի յար­ձա­կե­ցան Պարս­կաս­տա­նի վրայ, յաղ­թե­ցին եւ ա­զա­տագ­րե­ցին Քրիս­տո­սի Ս. Խա­չը եւ մեծ հան­դի­սու­թեամբ զայն Վա­նի, Վաս­պու­րա­կա­նի եւ Կ. Պոլ­սոյ ճամ­բով ա­ռաջ­նոր­դե­ցին դէ­պի Ե­րու­սա­ղէմ եւ բարձ­րա­ցու­ցին Գող­գո­թա­յի վրայ, ուր խա­չուած էր մեր Փրկի­չը:

Սրբա­զան Հայ­րը խօ­սե­ցաւ Ս. Խա­չի խոր­հուր­դին եւ Խաչ­վե­րա­ցի տօ­նին մա­սին: Օրհ­նեց բո­լոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը եւ շեշ­տեց, որ միշտ խա­չակն­քեն եւ յի­շեն Քրիս­տո­սը, որ մեր մե­ղեք­րուն հա­մար խա­չուե­ցաւ, թա­ղուե­ցաւ, սա­կայն եր­րորդ օ­րը յա­րու­թիւն ա­ռաւ, ա­պա քա­ռա­սուն օ­րեր ետք համ­բար­ձաւ դէ­պի եր­կինք՝ բո­լո­րիս խոս­տա­նա­լով յա­ւի­տե­նա­կան կեանքն ու եր­կին­քի ար­քա­յու­թիւ­նը:

Սրբա­զան Հայ­րը իր քա­րո­զին մէջ ը­սաւ.

«Խաչ­վե­րա­ցը մեր ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին մէջ այն բա­ցա­ռիկ տօնն է, երբ մեր ամ­բողջ էու­թիւ­նը կը լե­ցուի Քրիս­տո­սի խա­չին վրայ պա­տա­րա­գեալ կեան­քի խոր­հուր­դով: Խա­չին մէջ կը տես­նենք Քրիս­տո­սի կեան­քի ճա­նա­պար­հը: Խա­չին խոր­հուր­դը կ՚ար­ժե­ւո­րուի այն ժա­մա­նակ, երբ զայն կ­­՚ար­տա­ցո­լուի նաեւ մեր կեան­քի ըն­թաց­քով: Ու­րիշ խօս­քով, մեր կեան­քի ըն­թաց­քը պէտք է ըլ­լայ քրիս­տո­սան­ման:

«Խաչ­վե­րաց կը նշա­նա­կէ խա­չին վեր բարձ­րա­ցումն ու մե­ծա­րու­մը: Խա­չին խոր­հուր­դը գործ­նա­պէս մե­ծա­րած կ­­՚ըլ­լանք, երբ մեր կեան­քի ըն­թաց­քը կը լեց­նենք պա­տա­րա­գում­նե­րով: Քրիս­տոս Աս­տուա­ծոր­դին կա­մա­ւո­րա­բար յանձն ա­ռաւ խա­չին վրայ իր ան­ձին պա­տա­րա­գու­մը աշ­խար­հի մարդ­կանց հո­գի­նե­րու փրկու­թեան հա­մար: Նոյնն է պա­րա­գան իւ­րա­քան­չիւ­րիս հա­մար, ե­թէ եր­բեք կ­­՚ու­զենք հա­րա­զատ մնալ մեր քրիս­տո­նէա­կան կո­չու­մին: Ո­րով­հե­տեւ մեր կո­չու­մը պէտք է ար­տա­յայ­տենք գործ­նա­պէս:

«Խա­չին խոր­հուր­դը սե­րունդ­նե­րու կեան­քի նշա­նա­բանն է ե­ղած եւ այ­սօր հեր­թը մերն է աս­տուա­ծա­պար­գեւ կեան­քին ի­մաստ ու նպա­տակ տա­լու: Խա­չին խոր­հուր­դը կը թե­լադ­րէ ապ­րիլ Քրիս­տո­սի հետ»:

Սրբա­զան Հայ­րը ու­րա­խու­թեամբ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն յայտ­նեց, թէ վե­րա­դար­ձած էր Մայր Հայ­րե­նի­քէն: Շեշ­տեց, թէ Ար­ցա­խի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Պար­գեւ Ար­ք. Մար­տի­րո­սեա­նի հրա­ւէ­րով եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի ո­րո­շու­մով, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի ժո­ղո­վը գու­մարուած էր Ար­ցա­խի մէջ: Նո­րին Սրբու­թեան գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի կազ­մը այ­ցե­լած էր Ար­ցա­խի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կա­նին եւ Ար­ցա­խի սահ­մա­նը պաշտ­պա­նող հայ զի­նուոր­նե­րուն, որ խոր տպա­ւո­րու­թիւն ձգած էր իր վրայ: Ա­պա Սրբա­զան Հայ­րը հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կող Տ. Ե­րե­միա Ա­բե­ղայ Աբ­գա­րեա­նը, որ Նո­րին Սրբու­թեան օրհ­նու­թեամբ եւ իր հրա­ւէ­րով մաս պի­տի կազ­մէր Ա­րեւմ­տեան Թե­մի հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն եւ աս­տուա­ծա­բա­նա­կան իր բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը ստա­նա­լէ ետք, պի­տի ստանձ­նէր հո­վուա­կան պաշ­տօն: Հայր Սուր­բը Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր հետ ժա­մա­նած էր Լոս Ան­ճե­լըս: Սրբա­զան Հայ­րը բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ի­րեն եւ յա­ջո­ղու­թեան բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ կա­տա­րեց:

Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի «Փոլ եղ­բայր­ներ» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն, ո­րու ըն­թաց­քին հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ան­ձամբ շնոր­հա­ւո­րե­ցին Դե­ւան Ա­րուս­թա­մեանն ու Մայ­քըլ Ան­թո­նո­վի­չը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2016