ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական պատուիրակութիւններու եւ ներկայացուցիչներու հանդիպում։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որ կազմակերպուած էր վեհարանի մեծ դահլիճին մէջ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի այս շաբաթավերջի սրբազան արարողութիւններուն մասնակցելու համար համախմբուած միջեկեղեցական պատուիրակութիւններու եւ ներկայացուցիչներու հանդիպումը համախմբեց նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բազմաթիւ բարձրաստիճան հայրերը։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ միւս նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչները, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներ եւ  Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներ։

Այս շաբաթավերջի սրբազան արարողութիւններուն կը մասնակցին քրիստոնէական եկեղեցիներէն եւ կազմակերպութիւններէն բազմաթիւ դէմքեր։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հրաւէրին ընդառաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համախմբուած են՝ Հռոմի կաթոլիկ, Ռուս ուղղափառ, Ղպտի ուղղափառ, Ասորի ուղղափառ, Հնդիկ մալանպար, Սերպիոյ ուղղափառ, Ռումանիոյ ուղղափառ, Պուլկարիոյ ուղղափառ, Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ ուղղափառ, Յունաստանի ուղղափառ, Ֆինլանտիայի ուղղափառ, Վրաց ուղղափառ, Արեւելքի ասորական, Հայ կաթողիկէ, Ֆինլանտիայի լուտերական, Հայ աւետարանական եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ Ուղղափառաց տիեզերական պատրիարքութեան, «Ռենովապիս» բարեգործական կազմակերպութեան, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի, Եւրոպայի խորհուրդի պատուիրակութիւններն ու ներկայացուցիչները։

Երէկուան հանդիպման ընթացքին հնչեցին ելոյթներ եւ երաժշտական յայտագիր գործադրուեցաւ «Նոր անուններ» խումբին կողմէ։

Վեհափառ Հայրապետը էքիւմենիք հիւրերուն յղեց իր ողջոյնները՝ ի մասնաւորի ընդգծելով, որ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման այս նուիրական առթիւ բոլորը համախմբուած են՝ որպէս մէկ Աստուծոյ զաւակներ։ «Մեր խոր զգածուածութիւնը կ՚արտայայտենք հայոց եկեղեցւոյ կեանքէն ներս կարեւորագոյն այս արարողութիւններուն ձեր մասնակցութեան համար։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրի աղօթական ներկայութիւնը Մայր Աթոռի մէջ քաջալերանք եւ զօրակցութիւն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ հաւաստիքն է մեր ազգի եւ Հայաստանեայց Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հանդէպ տածած ձեր անկեղծ յարգանքի», ըսաւ ան։

Անդրադառնալով Մայր Տաճարի խորհուրդին՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Քրիստոսահիմն եւ լուսաւորչահաստատ Մայր Տաճարը հայ ժողովուրդի կեանքի, անոր մաքառումներու եւ յաղթանակներու, անոր կորուստներու ու ձեռքբերումներու վկան է, ուրկէ դարեր շարունակ հաւատքի շողեր ցոլացած են եւ զօրացուցած հոգիները հայորդեաց, ինչպէս եւ բազում ուխտաւորներու եւ այցելուներու»։

«Յիրաւի, հակառակութիւններով փոթորկայոյզ մերօրեայ աշխարհին մէջ այս է ճանապարհը կասեցնելու աստուածամերժ ընթացքները, կանխելու աղիտաբեր ողբերգութիւններն ու արհաւիրքները, դիմակայելու անհատի եւ ժողովուրդներու արժանապատուութեան, իրաւունքներու ու արդարութեան ոտնահարման դատապարտելի դրսեւորումներուն», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը՝ յորդորելով Քրիստոսի օրինակով ըլլալ սիրոյ եւ կարեկցանքի փարոսներ այս աշխարհին մէջ։

«Քրիստոսին եւ անոր հօտին ծառաւելու մեր առաքելութեան մէջ միասնութիւնը մեր առաջնորդող լոյսն է։ Ուստի, շարունակենք մեր ճանապարհը՝ իրարու նկատմամբ հոգատարութեամբ, սիրով ու յարգանքով», պատգամեց Նորին Սրբութիւնը՝ աւելցնելով, որ Երկնաւոր Տէրը երկնահեղ իր շնորհներու ներքեւ պահէ աշխարհը եւ պարգեւէ խաղաղ, ապահով ու բարի կեանք բոլոր ժողովուրդներուն եւ օրհնէ իր Սուրբ Եկեղեցին եւ Տիրոջ այգիի անյոգնաբեկ բոլոր մշակները։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2024