ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹԻ 115-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ժողովուրդի մը համար գիր ունենալու առանձնաշնորհումը կարեւոր մասնայատկութիւն մըն է։ Որքա՜ն մեծ երջանկութիւն է, որ մենք ազգովին զրահաւորուած ենք Մեսրոպեան սուրբ աւանդի զրահներով, որոնց կը պարտի մեր ժողովուրդը իր մշակութային անկախութիւնը։ Անկախութիւն մը, որ ո՛չ միայն դուռ բացած է գրական արժէքներու ստեղծագործութեան, այլեւ եղած է մղիչ ուժը մեր ժողովուրդի մշակութային ու մտաւորական զարգացման։

Այդ անկախութեան պտուղն էր Յակոբ Մեղապարտ, որ եղաւ կարեւոր անկիւնաքարը հայ տպագրութեան։ Մամուլը սկսաւ գործել ժողովուրդի մը մագաղաթեայ արժէքները բազմացնելու եւ աւելի լայն խաւերուն հասցնելու առաքելութեամբ։ Այս մամուլի առաքելութեան կարեւոր ու թանկագին արգասիքը եղաւ «Ազդարար» պարբերականը՝ լոյս տեսած 16 հոկտեմբեր 1794-ին, հեռաւոր Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ, հոգելոյս Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանի ջանադրութեամբ։ Հայ մամուլի պատմութեան մէջ այս հրատարակութիւնը եղած է առաջին ոսկեայ օղակը, որ հետզհետէ ունեցած է այլ մեծ ու փոքր օղակներ՝ կազմելով մեր օրերուն հասած թանկարժէք շղթան։

Այս շղթային մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը եղած է կարեւոր օղակ մը, որ կը կրէ 115 տարիներու վաստակ մը։ Թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը կը ներկայանայ առանց ընդմիջումի լոյս տեսած ըլլալու իր կարեւոր հանգամանքով։

Հայաշխարհի անընդհատ հրատարակուող երիցագոյն այս օրաթերթի առաջին թիւին մէջ կը կարդանք թերթի արտօնատիրոջ՝ Միսաք Գօչունեանի, գրական ծածկանունով Քասիմի, հետեւեալ տողերը, որոնք կը բնութագրեն թերթին առաքելութեան բազմապիսի երեսակները. «…Նորեկ մը չենք լրագրական ասպարէզին մէջ, տարիներէ ի վեր թէ՛ իբրեւ մնայուն խմբագիր եւ թէ՛ իբր հեղինակ, յօդուածագիր, հրապարակագիր ու վիպագիր ծառայած ենք մամուլին եւ անոնք որ պատիւ ըրած են մեր գրականութեան հետեւելու, գիտեն արդէն թէ մեր ուղղութիւնը եղած է անհատականութիւնը զարգացնել, անձերը բարձրացնել, ինքնօգնութեան ոգին ներշնչել ու այսպէսով նիւթապէս ու բարոյապէս բարձր մակարդակի վրայ կանգնած համայնք մը ողջունելու բախտին արժանանալ»։

Միսաք Գօչունեան առաջին իսկ մէկ օրէն հաւաստիացուցած է ընթերցող հասարակութիւնը, թէ «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան շրջանին մէջ պատճառ մը չունէին որդեգրուած սկզբունքներէն շեղելու» եւ «մամլոյ ազատութեան ընձեռած պայմաններուն մէջ աւելի դիւրին պիտի ըլլար ազգային, ընկերական եւ ընտանեկան հարցեր անկաշկանդ, աներկիւղ քննելու եւ անոնց նկատմամբ օգտակարն ու շինիչը թելադրելու»։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հաւաքածոները ինքնին կը վկայեն, թէ թերթի հրատարակութեան մէջ կարեւոր տեղ ունեցած են գրական հանրածանօթ դէմքեր, որոնք իրենց գրիչը ի սպաս դրած են արեւմտահայերէնի զարգացման ու զայն արգասաւորման։ Հակառակ յառաջացած աննպաստ պայմաններուն, արդիւնք՝ նիւթական կամ ընկերային ժխտական ազդեցութիւններու, թերթը մնացած է իր ծառայութեան պատնէշին վրայ։ Հաւաքածոները մեզի կը ներկայանան որպէս ալեհեր ծերունիներ, որոնց միտքերը պայծառ են ու կը շարունակեն ուսուցանել, զարգացնել ու մանաւանդ պատմութիւն կերտել։

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մասին մեր այս արտայայտութիւնը ի զօրու է «Ազդարար»ի բոլոր զաւակներուն եւ թոռներուն համար եւս։ Այս առումով, գնահատելի են հայ մամուլի մեր խմբագիրներն ու աշխատակազմերը, որոնք կը մաքառին մերօրեայ ժամանակներու անտարբերութեան ախտին դէմ՝ հանդէպ հայ գիրքին ու մամուլին։ Մենք՝որպէս Պատրիարք Հայոց, ամէն առթիւ յիշեցուցած ենք, թէ արեւմտահայերէնի պահպանութեան համար կարեւոր է մեր մամուլը, մանաւանդ իր զգեցած համայնքային կեանքի պատմութիւնը կերտելու եւ մեր ժամանակները անցեալ ժամանակներուն կամրջելու առաքելութիւններով։ Նաեւ մեր ժողովուրդին ու համայնքային կազմակերպութեանց վարիչներուն հայրաբար թելադրած ենք, որ գիտակցին հայ մամուլ ունենալու արժէքին ու վարուին պատասխանատուութեան զգացումով՝ պահպանելու համար մեր մշակութային արժէքները։ Նաեւ մեր հայրական թելադրանքն է, որ «Հայ թերթը ընկերն է հայ տան» կարգախօսը յիրաւի կեանքի վերածուի եւ տարածուի մեր ընտանեկան յարկերէն ներս, մանաւանդ մեր վարժարաններու աշակերտներու միջեւ։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հասած այս նշելի հանգրուանին հանգստեան աղօթքով կը յիշենք Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրներն ու Գօչունեան ընտանիքի բոլոր ի Քրիստոս ննջած անդամները, որոնք իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անընդհատ հրատարակութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ։

Այսօր հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ կ՚ողջունենք թերթի գլխաւոր խմբագիր Տիար Արա Գօչունեանը, հրատարակութեան տնօրէն Տիկին Նատիա Գօչունեանն ու թերթի աշխատակիցները՝ բոլորին մաղթելով կար եւ կարողութիւն իրենց օրհնեալ ծառայութեանց մէջ։ Տէրը իր օրհնութեամբ բոլորին պարգեւէ գործելու եռանդ ու ըլլայ՝ վարձահատոյց։ Կը շնորհաւորենք Գօչունեան ընտանիքի երէց եւ կրտսեր բոլոր անդամները, որոնք արդար հպարտութիւնը կը կրեն հայ մամուլին ծառայած ընտանիքի մը շառաւիղները ըլլալու։

Մնամք հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ,

Աղօթարար՝

ՍԱՀԱԿ Բ.
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

25 Հոկտեմբեր 2022
13409

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2022